Խրիմը Պաշտպանելու Հարցին Մէջ Ուքրանիոյ Օգնութիւն Առաջարկած Են Խումբ Մը Ազրպէյճանցիներ Ու Թուրքեր
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը` յղում կատարելով «Թի.Սի.Էյչ» պատկերասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ Խրիմը պաշտպանելու հարցին մէջ Ուքրանիոյ օգնութիւն առաջարկած են հինգ հազար արտասահմանցի կամաւորներ:
Ուքրանիոյ թուրք-քարափափախներու խորհուրդի նախագահ Տաշկըն Կիւլմամետով նշած է, որ անոնց շարքին են նախկին զինուորականներ եւ հասարակ քաղաքացիներ` Ազրպէյճանէն, Թուրքիայէն, Գերմանիայէն, Վրաստանէն:
Կամաւորականները պիտի գործեն անկախ իրենց պետութեան պաշտօնական դիրքորոշումէն: Անոնք պատրաստ են կռուելու Ռուսիոյ դէմ նաեւ տեղեկատուական պատերազմին մէջ, որպէսզի իրականութիւնը պատմեն համացանցի վրայ կամ լրատուական հրապարակումներու մէջ:
«Այդ ձեւով անոնք կը փափաքին պաշտպանել Խրիմի թաթարներու` թերակղզիի բնիկ բնակիչներու եւ այլ թուրքերու իրաւունքները: Որովհետեւ Քրեմլինի յարձակողապաշտ գործողութիւնները կրնան վնասել այլ երկիրներու, մասնաւորաբար` Ազրպէյճանին կամ Խրխըզիստանին», ըսած է Կիւլմամետով:

