Ուաշինկթըն Եւրոպա Ուղարկած Է Երեք «Պի-52» Ռմբակոծիչ

0506_B-52«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ ժամանակաւորապէս Եւրոպայի մէջ տեղակայած են երեք ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող «Պի-52» տիպի ռմբակոծիչ օդանաւեր, որոնք շրջանին մէջ պիտի մնան մօտաւորապէս երկու շաբաթ:

Ռմբակոծիչները կը գտնուին Բրիտանիոյ Կլոթերշայր կոմսութեան «Ֆէյրֆորտ» կայանին մէջ: Երկու շաբթուան ընթացքին ռմբակոծիչները մարզումի թռիչքներ պիտի իրականացնեն:

Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարական հրամանատարութեան ներկայացուցիչները նշած են, որ մարզումի թռիչքները կարելիութիւն պիտի ընձեռեն համոզուելու, որ Միացեալ Նահանգներ ի վիճակի են պատասխան տալու հաւանական սպառնալիքներու լայն շրջանակի:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ ընթացիկ տարուան մարտին Ռուսիոյ հետ Ուքրանիոյ հարցով ունեցած տարակարծութիւններու պատճառով Միացեալ Նահանգներ յաւելեալ եօթը զինուորական օդանաւ ուղարկած էր Պալթեան երկիրներ:

 

Share this Article
CATEGORIES