Լաւրով Եւ Ռոկոզին Այս Ամիս Պիտի Այցելեն Ազրպէյճան

0506LavrovԱզրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան Մոսկուայի լրագրողը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ փոխվարչապետ, ռուս-ազրպէյճանական միջկառավարական յանձնախումբի նախագահ Տմիթրի Ռոկոզին յունիսին պիտի այցելեն Ազրպէյճան:

Տեղեկութիւնը տարածուած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օկթայ Ասատովի եւ Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի հանդիպումէն ետք:

Կը նշուի, որ Ռոկոզին Պաքու պիտի մեկնի Լաւրովի այցելութենէն ետք:

Share this Article
CATEGORIES