Իսրայէլ 1500 Շէնք Պիտի Կառուցէ Արեւելեան Երուսաղէմի Եւ Այսրյորդանանի Մէջ

0506IsraelԻսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի շինարարութեան նախարար Ուրի Արիել նուազուրդներ յայտարարած է Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Այսրյորդանանի հրէական բնակավայրերուն մէջ նոր շէնքերու կառուցման համար:

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ խօսքը 1500 նոր շէնքերու մասին է: Անոնց շինարարութիւնը Իսրայէլի իշխանութիւններուն պատասխանն է պաղեստինեան ազգային համաձայնութեան կառավարութեան կազմութեան, որ բաղկացած է անկուսակցականներէ, սակայն գոյացած է Համաս շարժումին հետ համաձայնութեան հիմամբ:

Իսրայէլացի նախարարը ըսած է, որ շինարարութիւնը «իսկական սիոնական պատասխան է ահաբեկչական կառավարութեան ստեղծման»: Ան ըսած է, որ Իսրայէլի իրաւունքն է շինարարութիւն կատարել ամբողջ երկրին տարածքին եւ նուազեցնել բնակարաններուն գիները:

Աղբիւրը կը գրէ, որ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ շինարարութեան իրականացումը կը հանդիպի պաղեստինցիներու դիմադրութեան, կը խափանէ տագնապի լուծման կարգաւորման գործին մէջ ձեռք բերուած լուծումներու իրականացումը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES