Ըստ Թրքական Պաշտօնական Աղբիւրի Մը. Ռուհանի Երկուշաբթի Օր Թուրքիա Պիտի Այցելէ

0506Erdo-RouhaniԹրքական պաշտօնական աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնած է, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յառաջիկայ երկուշաբթի նախագահ ընտրուելէն ետք առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Թուրքիա:

Թուրք պաշտօնատար մը ըսած է, որ Ռուհանի Անգարայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ իր պաշտօնակից Ապտիւլլա Կիւլի ու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւ անոնց հետ պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութեանց ու Միջին Արեւելքի կացութեան վերաբերող հարցեր:

«Այս այցելութիւնը որոշ ատենէ մը ի վեր կը սպասուէր, եւ Իրանի նախագահին պիտի ընկերակցի նախարարներէ բաղկացած մեծ պատուիրակութիւն մը», նշած է աղբիւրը:րօ: Շինարարութիւնը պիտի սկսի, երբ հաւաքուի առաջին 10 միլիոն եւրոն, մօտաւորապէս 2016-ին:

Share this Article
CATEGORIES