Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Լիբանան կատարած այցելութիւնը ներքին քաղաքական կացութենէն ոչինչ կը փոխէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զօր. Միշել Աունի յայտնած է, որ ան պէտք չէ դրական պատասխաններ սպասէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ երկխօսութենէն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, զօր. Միշել Աուն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յայտնած է, որ իրենք բնաւ միտք չունին արգելակելու կառավարութեան աշխատանքը` աւելցնելով, որ պիտի քննարկեն նաեւ խորհրդարանի նիստերուն մասնակցելու կարելիութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ կը շրջանցեն նախագահական ընտրութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ, երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Սէուտական Արաբիա ոչինչ խոստացած են Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի` աւելցնելով, որ ներկայիս գնդակը կը գտնուի անոր դաշտին վրայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր կոչ ուղղեց ապագայ Լիբանանի կերտման մէջ տնտեսական մարզի դերակատարութեան մասին ամբողջական երկխօսութիւն մը կատարելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նատիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք օրէնսդրական ոչ մէկ նիստի պիտի մասնակցին` նախագահական դատարկութեան շրջագիծին մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման հաստատեց, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնը թատերախաղ մըն է, որ սահմանադրական ոչ մէկ իմաստ ունի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային պատասխանատուութիւնը մերձեցման քայլեր կը պարտադրէ քաղաքական բոլոր ուժերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի կողմէ Հըզպալլայի կատարուած ակնարկութիւնը անոր հասցէին կատարուած ուղղակի դատապարտում է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Եգիպտոսի մէջ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի արձանագրած յաղթանակը անկիւնադարձային մեծ իրադարձութիւն մըն է եգիպտական քաղաքական կեանքին համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւններու խորհրդարանական նիստերը պոյքոթի ենթարկելու քայլը այդ հոլովոյթը իր ներքին հունէն դուրս բերած է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարես Պուէյզ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին կողմէ Եգիպտոսին զօրակցելու հրաւէրը անհրաժեշտ է:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը` Հըզպալլայի ղեկավարութեամբ, կ՛ուղղուին խանգարել կառավարութեան աշխատանքը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ իրենք կառչած կը մնան կառավարութեան որոշումները համախոհութեամբ որդեգրելու կարեւորութեան:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կը միտին դիւրացնել կառավարութեան աշխատանքը եւ երկրին աշխատանքներուն հեզասահ ընթացք տալ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ լիբանանեան սահմանադրութիւնը կառավարութեան կու տայ հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւնները գործադրելու իրաւունքը:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Լիբանան այցելութեան նպատակն է ճնշում բանեցնել, որպէսզի նախագահական ընտրութիւն կատարուի:»
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Լիբանան այցելութիւնը:

