Ֆըրզլի. «Պըրրի Բացարձակ Կերպով Կը Զօրակցի Զօր. Աունի Նախագահական Թեկնածութեան»

Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են եւ վերածուած երկու քաղաքական ուժերու միջեւ իսկական դաշինքի:

Ֆըրզլի շեշտեց, որ Այն Թինէի մէջ նախանցեալ օրուան Պըրրի-Աուն հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են օրէնսդրական իշխանութեան աշխատանքին վերաբերող մանրամասնութիւններ` ընդգծելով, որ Պըրրի զօր. Աունի նախագահական թեկնածութեան բացարձակ զօրակցութիւն յայտնած է, ինչպէս նաեւ դրուատած Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ երկխօսութիւնը:

Միւս կողմէ, Ֆըրզլի յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մշակման հարցը յաջորդ շաբթուան ընթացքին շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի:

Share this Article
CATEGORIES