Ռաատ. «Կը Փափաքինք Ունենալ Նախագահ Մը, Որ Կը Գիտակցի Դիմադրութեան Կառչած Մնալու Լիբանանի Կարիքին»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրել հանրապետութեան այնպիսի նախագահ մը, որ կը գիտակցի Դիմադրութեան կառչած մնալու Լիբանանի կարիքին:
Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վերընտրութիւնը Սուրիան թիրախ դարձուցած դաւադրութեան մահուան գոյժը կը նկատուի, որովհետեւ փաստուած է, թէ Դիմադրութեան ուղին յաղթանակած է:
«Լիբանանի մէջ անոնք, որոնք իրենց գրաւը դրած էին Սուրիոյ քայքայումին վրայ, արդէն իսկ շշմած են, յատկապէս սուրիացի գաղթականներուն կողմէ քուէարկութեան խուռներամ մասնակցութիւնը տեսնելով:
Ռաատ նշեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններէն ետք կարելի չէ Լիբանանի մէջ ընդունիլ հանրապետութեան նախագահ մը, որ Դիմադրութեան թշնամին է: «Պէտք է ընտրել նախագահ մը, որ բարեկամը թշնամիէն զանազանել գիտէ», աւելցուց ան:

