Ժոմպլաթ – Հէյլ Հանդիպում

Ժոմպլաթ – Հէյլ հանդիպումէն պահ մը
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայիի հետ:
Քննարկուած էին լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:
CATEGORIES Լիբանանեան

