Արսալի Մէջ . Ժապհաթ Նուսրա Կը Գնդակահարէ 14 Տարեկան Սուրիացի Պատանի Մը

Արսալի Ուատի Հըմայտ շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի անդամ զինեալներ երէկ գնդակահարեցին Խ. Մուսթաֆա անունով 14 տարեկան սուրիացի պատանի մը:

Ժապհաթ Նուսրայի անդամները երէկ հարց ունեցած էին 2000-ի ծնունդ այս պատանիին հետ, որ կ՛աշխատէր Արսալի պենզինի կայաններէն մէկուն մէջ:

Պենզինի կայանէն ջուր լեցնելու ընթացքին անոնց միջեւ արձանագրուած նախատինքներուն պատճառով, զինեալները առեւանգած են պատանին, զայն գլուխէն գնդակահարած ու նետած Ուատի Հմայտի ճամբեզրին:

Պատանիին վրայ անոնք կցած են հետեւեալ գրութիւնը. «Այս է զԱստուած նախատողին պատիժը»:

Share this Article
CATEGORIES