Ֆրենժիէ. «Նախագահական Դատարկութիւնը Աւելի Նախընտրելի Է, Քան Տկար Նախագահի Մը Ընտրութիւնը»

Ֆրենժիէ` մարոնի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին

Ֆրենժիէ` մարոնի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին

Լիբանանեան զանազան լրատուամիջոցներու համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նախանցեալ օր մարոնի համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ նախագահական դատարկութիւնը աւելի նախընտրելի է, քան հանրապետութեան տկար նախագահի մը ընտրութիւնը:

«Պէտք չէ վախնանք նախագահական աթոռին թափուր մնալէն, որովհետեւ անիկա աւելի լաւ է, քան տկար նախագահը: Ժամանակը ի նպաստ մեզի է. Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր յաղթանակը կը շարունակէ, իսկ Հըզպալլա կը յաղթէ Սուրիոյ պատերազմին», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ նախապէս մնայուն կերպով քրիստոնեաները երկիւղի մատնուած են եւ աճապարած ընդունելու այս կամ այն թեկնածուին նախագահ ընտրութիւնը, «սակայն խորքին մէջ նախագահական դատարկութեան ընթացքին` 2007-ին եօթը ամիս, իսկ 1988-ին մէկուկէս տարի, հանրապետութեան նախագահութիւնը չքանդուեցաւ», աւելցուց ան:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ քրիստոնեաները պէտք է անշեղ մնան հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ունենալու իրենց կեցուածքէն ու տեսակէտէն եւ այն ատեն է, որ սիւննիներն ու շիիները պիտի գան իրենց մօտ եւ հարց տան, թէ` «ո՞վ կ՛ուզէք նախագահ ընտրել»:

Share this Article
CATEGORIES