Վարչապետ Սալամ Ընդունեց ՄԱԿ-ի, Ռուսիոյ Եւ Իտալիոյ Ներկայացուցիչները

Փլամպլի եւ վարչապետ Սալամ

Փլամպլի եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի շեշտեց նախագահական անմիջական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը կը զօրակցի նաեւ վարչապետ Սալամի ու անոր կառավարութեան եւ Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները դիմակայելու անոր ուժին ու հզօրութեան:

Փլամպլի յայտնեց, որ Սալամի հետ քննարկած է նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը եւ այդ մասին այս ամիս պատրաստուելիք տեղեկագիրին մանրամասնութիւնները:

Փլամպլի նշեց նաեւ, որ քննարկուած է Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ ողջունեց Լիբանանին կատարուած միջազգային նիւթական օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու նպատակով Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք այս ամսուան խորհրդաժողովը:

Փլամպլի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի գաղթականութեան հարցերու գերագոյն ներկայացուցչութիւնը կը հետեւի Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակին, ինչպէս նաեւ կը հետապնդէ ընկերային հարցերու եւ գաղթականներու հարցերու նախարարութիւններուն աշխատանքը:

«Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ սուրիական գաղթակայաններ հիմնելու հարցը լուրջ հարց է, որովհետեւ անիկա ուղղակիօրէն կապուած է ապահովական իրավիճակին», ըսաւ ան:

Զասպիքին եւ վարչապետ Սալամ

Զասպիքին եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որ բարձր գնահատեց վարչապետ Սալամի նախագահած կառավարութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անոր ջանքերը:

Ռուս դեսպանը մաղթեց, որ լիբանանեան պետական հաստատութիւնները շարունակեն իրենց աշխատանքն ու պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը:

Հանրապետութեան նոր նախագահին մասին Մոսկուայի կեցուածքին անդրադառնալով` Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուան կը հետաքրքրէ նոր նախագահին աշխատանքային ծրագիրը եւ ոչ թէ անձը` աւելցնելով, որ Ռուսիա թեկնածուներու անուններուն միջամուխ չի դառնար:

Զասպիքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի կողմէ Ռուսիոյ եւ Հըզպալլայի ուղղուած կոչը` Սուրիոյ պատերազմը կասեցնելու, շինիչ չէ եւ կը միտի պատերազմին պատասխանատուութիւնը անոնց վերագրել:

Ան շեշտեց, որ Քերրիի կատարած այդ յայտարարութիւնը հարիւր առ հարիւր հասկնալի չէ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ պատերազմին գլխաւոր պատասխանատուն սուրիական ընդդիմութիւնը զինող եւ ֆինանսաւորող կողմն է:

Զասպիքին հաստատեց, որ միացեալ պատասխանատուութիւնը կ՛ենթադրէ համագործակցիլ եւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումներ գտնել:

Նշենք, որ վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթօ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան նպատակով այս ամսուան ընթացքին Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES