Վարչապետ Սալամ Եւ Ապու Ֆաուր Ուղղուեցան Այն Թինէ

Սալամ եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց նախագահական դատարկութեան ընթացքին կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային մեքանիզմը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին եւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Սալամ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած ներկայացուցիչ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ նախագահական դատարկութեան առընթեր Լիբանան կը գտնուի լուրջ տագնապի դիմաց` աւելցնելով, որ Պըրրիի ունեցած հանդիպումները իրենց դրական դրսեւորումը պիտի ունենան:

Խալիլ, Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի
Ապու Ֆաուր մաղթեց, որ երկար ատեն նախագահական աթոռին թափուր մնալը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ` կոչ ուղղելով վերջ մը դնելու նախագահական այդ դատարկութեան:
«Պէտք չէ խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտել, իսկ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն նկատել», ըսաւ ան:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքը կոչ կ՛ուղղէ հանրապետութեան նոր նախագահի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու եւ որեւէ պատճառաբանութեան լոյսին տակ պետական հաստատութիւններուն առաքելութիւնը չխոչնդոտելու` աւելցնելով, որ բոլորը գիտեն, թէ ո՛վ է երկրին աշխատանքները արգելակողը:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի եւ նախկին նախարար Ապտալլա Ֆարհաթ:
Միւս կողմէ, քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ երեքշաբթի, 10 յունիսի օրէնսդրական նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու պարագային Պըրրի կրնայ հրաժարիլ:

