Ռոպերթ Քոչարեանի Պատկերացումով` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի Անբաժանելի Մասն Է
29 մայիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցածը կը շարունակէ հանրութեան քննարկման առարկայ մնալ: Այս մասին մեկնաբանութիւն կատարած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի աշխատակազմի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան, որ չցանկանալով խորանալ մանրամասնութիւններու մէջ, փոխանցեց, որ որեւէ միջազգային կազմակերպութեան անդամակցիլը չի կրնար արդարացնել Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ պատնէշներու ստեղծումը:
Ըստ անոր, Ռոպերթ Քոչարեանի պատկերացումներով` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի անբաժանելի մասը կը կազմէ, որուն վերջնական իրաւական ամրագրման պէտք է ձգտին բոլորը:
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Կը Վստահեցնէ` Հայաստանի Եւ
Ղարաբաղի Միջեւ Մաքսակէտ Պիտի Չըլլայ
Շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ Երեւան այցելած Զուիցերիոյ նախագահ, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթեր նախանցեալ օր «Մարիոթ» պանդոկին մէջ հանդիպում ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Հանդիպումէն ետք Սահակեան արտայայտութիւն չունեցաւ, փոխարէնը լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանեց Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան: Վերջինս նշեց, որ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած են իրենց յայտնի տեսակէտները, մասնաւորաբար այն մասին, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ իսկական յառաջընթացի հասնելու համար պէտք է վերահաստատել Ղարաբաղի մասնակցութիւնը:
«Մենք խօսած ենք այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ամէն ինչ ընելու, որպէսզի շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը վերանայ` ատիկա գնահատելով իբրեւ կարեւորագոյն պայման բանակցութիւնները առաջ տանելու համար: Գոնէ փոխադարձ վստահութիւն ստեղծենք կողմերուն միջեւ, ինչ որ կարեւոր պայման է բանակցութիւնները առաջ տանելու համար», ըսաւ Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս Լեռնային Ղարաբաղը կը գնահատէ Ասթանայի մէջ Նազարպայեւի հնչեցուցած նախապայմանները այն մասին, որ Հայաստան պէտք է անդամակցի Եւրասիական տնտեսական միութեան առանց Լեռնային Ղարաբաղի, Կարէն Միրզոյեան նշեց, որ մաքսային անցակէտ սահմանին վրայ պիտի չըլլայ:
Հաշուի առնելով այս հարցին մէջ Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն դիրքորոշումներուն տարբերութիւնները` Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանին հարց տրուեցաւ, թէ Ղարաբաղը Հայաստանի մա՞ս է, թէ՞ ոչ:
«1991 թուականին Ղարաբաղ հռչակեց իր անկախութիւնը եւ մինչեւ այսօր կը գործէ իբրեւ անկախ պետութիւն: Եւ ղարաբաղեան հարցի լուծումը կը կայանայ անոր մէջ, որ հասնինք Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման», ըսաւ Միրզոյեան:

