Մարաշի Մէջ Վերակառուցուած Է Հայ Եղբայրներուն Պատկանած 144-Ամեայ Առանձնատունը

0506MarashԹրքական «Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ Մարաշի մէջ 144-ամեայ հայկական առանձնատուն վերակառուցուած է: 2010-ին Մարաշի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի գնած շինութեան վերակառուցման համար 643 հազար լիրա ծախսուած է:

Քաղաքի կեդրոնին մէջ պատմական փակ շուկային մօտ գտնուող շինութիւնը պատկանած է հայ երկու եղբայրներու եւ կառուցուած է 1870-ին: Երկար տարիներ անիկա ծառայած է իբրեւ նամակագրատան գրասենեակ, իսկ յետոյ լքուած շինութեան վերածուած է:

2013-ին վաճառուած շէնքը վերականգնուած է իր ժամանակներու տեսքին եւ ճարտարապետական կառոյցին համարժէք: Անիկա վերածուած է կիներու ձեռագործ աշխատանքները ներկայացնելու ցուցասրահի:

Պատմական առանձնատունը 13 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող Մարաշի մշակոյթին մէկ մասն է, եւ պալատի նախագահին խօսքով` լոյս կը սփռէ Թուրքիոյ Հանրապետութենէն առաջ ինկած ժամանակահատուածին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES