ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ
Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով Հալէպի հայկական համայնքը կը գտնուի իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ուժերուն ընդհարումի գօտիին միջեւ եւ կ՛ապրի ծանր օրեր», նշուած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ:
Նկատի ունենալով ստեղծուած կացութիւնը, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմինը, Հալէպի հայկական թաղամաս Նոր Գիւղը յայտարարած է իբրեւ աղէտալի գօտի:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ շարունակական այս յարձակումները Սուրիոյ հայ ազգաբնակչութեան դէմ: Յանձնախումբը նկատել կու տայ, որ Սուրիոյ մէջ «ծայրայեղական ուժերը այժմ իրենց հիմնական թիրախը կը նկատեն հայաբնակ շրջանները: Անոնք անտարակոյս կը քաջալերուին երրորդ երկիրներու կողմէ եւ յատկապէս Թուրքիայէն, ուր այս ուժերու զինումը կը կատարուի, եւ ունին արտօնութիւնը մուտք գործելու Սուրիոյ սահմաններուն մէջ, հակառակ Թուրքիոյ անհիմն պնդումներուն, որ ինք ոեւէ մեղսակցութիւնը չունի»:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան, որ փոխէ մինչեւ այսօր իր որդեգրած կեցուածքը եւ բուռն կերպով դատապարտէ այս յարձակումները եւ ճնշէ Թուրքիոյ վրայ, որ դադրեցնէ ոճրագործ այս ուժերու զինումը եւ ուղարկումը Սուրիա` յարձակումներ կատարելու համար հայաբնակ շրջաններուն վրայ: Ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ բոլոր պետութիւններուն եւ յատկապէս անոնց, որոնք կը սատարեն ընդդիմութեան ուժերուն, որ միջամտեն եւ պահանջեն ծայրայեղական այդ ուժերէն դադրեցնել իրենց յարձակումները հայաբնակ շրջաններուն վրայ: «Այն պետութիւնները, որոնք պիտի չառնեն նման նախաձեռնութիւններ, պիտի կրեն բարոյական պատասխանատուութիւնը հակահայ այս գործողութիւններուն համար», նշուած է յանձնախումբին հաղորդագրութեան մէջ:
Վերջապէս, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն, որ դիմեն անմիջական միջոցառումներու` ապահովելու ֆիզիքական ապահովութիւնը անզէն ժողովուրդին, որուն տենչանքն է իր գիւղերուն եւ թաղամասերուն մէջ ապրելու խաղաղութեամբ եւ կեանքի ու ինչքի ապահովութեամբ:
Յայտնենք, որ երէկ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը նոյն հաղորդագրութեան արաբերէն թարգմանութիւնը տարածեց արաբական եւ լիբանանեան մամուլին:

