Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Սուրիոյ Մէջ Հայերուն Դէմ Յարձակումները Կանխելու Հարցով Դիմած Է Սպիտակ Տան

logo-AMNԱմերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ կոչ ուղղել Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան ղեկավարութեան` պահանջելով, որ Սուրիոյ մէջ հակահայկական յարձակումները դադրեցուին:

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը «Արմենփրես»-ին հաղորդեց, որ ամերիկաբնակ հայերը իրենց անհանգստութիւնը կը յայտնեն վերջին շրջանին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի հայաբնակ շրջաններուն վրայ սաստկացած յարձակումներուն վերաբերեալ, որոնց պատճառով տեղական իշխանութիւնները տարածքը յայտարարած են աղէտի գօտի:

Այս առիթով Ամերիկայի Հայ դատի  յանձնախումբը բոլորին կոչ ուղղեց դիմելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային հետեւեալ պահանջներով` դադրեցնել Հալէպի մէջ անմեղ քրիստոնեաներուն եւ բոլոր քաղաքայիններուն ռմբակոծումը, ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս թոյլ տայ Եփրատ գետի ջուրի ազատ հոսքը Սուրիա: Միաժամանակ Հայ դատի յանձնախումբի անդամները Սպիտակ տան ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղեն պատասխանելու իրենց մտահոգութիւններուն` պատմական հայաբնակ Քեսապ բնակավայրէն հայերը բռնի կերպով տեղահանելու գործին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութեան վերաբերեալ:

Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ թաղամասը յայտարարուած է աղէտի գօտի: Հալէպի լրատուական գրասենեակը կոչ ուղղած է համայն հայութեան` բոլոր միջոցներով սատար կանգնելու ի նպաստ անմարդկային հրթիռարձակումներու կասեցման, յանուն աղէտահար ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան ապահովման:

 

 

Share this Article
CATEGORIES