Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Երկու Հայ Զինուորներ Զոհուած Են

0506Կասպրչիկ

Անճէյ Քասփրչիք

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, 5 յունիսին հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ պաշտպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ` հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած են պայմանագրային զինուորներ Անդրանիկ Եղոյեան (Ծնած` 1988 թուականին) եւ Պորիս Գասպարեան (Ծնած` 1992 թուականին):

Միջադէպին մանրամասնութիւններուն ճշդումը հետապնդման ընթացքի մէջ է: Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը կը վերահսկեն իրավիճակին շփման գիծին վրայ` իրականացնելով իրավիճակային համարժէք գործողութիւններ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ հակառակորդի ձեռնարկած այս սադրանքը շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի ուժերու վերջին օրերու գործողութիւններուն տրամաբանական շարունակութիւնն է, ինչ որ կրկին կը վկայէ, որ հակառակորդ պետութեան իշխանութիւնները կ՛արհամարհեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած որեւէ նախաձեռնութիւն, չեն ցանկար խաղաղ ճամբով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, պարբերաբար կը դիմեն սադրիչ գործողութիւններու:

Հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիին վրայ տեղի ունեցած այս ողբերգական միջադէպին մասին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Այս մասին «ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրառում կատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Երէկ նախիջեւանեան սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպին առնչութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքին, վերջինս հրաւիրուած է պաշտպանութեան նախարարութիւն», գրած է պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը:

 

Share this Article
CATEGORIES