Ալիեւ Նազարպայեւին` Ազրպէյճանամէտ Կեցուածքին Համար Երախտապարտութիւն Յայտնած Է

Ալիեւ եւ Նազարպայեւ

Ալիեւ եւ Նազարպայեւ

Haqqin.az կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքին, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի եւ Ղազախստանի նախագահները թրքական Պոտրում քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած են:

Ըստ տեղեկատուութեան, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան առնչուող հարցեր` տնտեսական, քաղաքական եւ այլ մարզերու մէջ:

Զրոյցի ընթացքին Իլհամ Ալիեւ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը:

Ալիեւ իր եւ ամբողջ ազրպէյճանցի ժողովուրդի անունով երախտագիտութիւն յայտնած է Նազարպայեւի` Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու հարցին մէջ Ազրպէյճանի որդեգրած դիրքորոշման սատարելուն համար:

Յիշեցնենք, որ Ասթանայի մէջ 29 մայիսին կայացած Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին Նազարպայեւ անդրադարձած էր Ալիեւի նամակին եւ կոչ ուղղած` Հայաստանը Եւրասիական Միութիւն մտցնելու միայն իր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով:

Share this Article
CATEGORIES