2014-ի Մոնտիալ. Անտուն Աշխատաւորներու Խաղաղ Նստացոյց` Բացման Մրցումին Մարզադաշտին Մօտ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հազարաւոր անտուն աշխատաւորներ խաղաղ նստացոյց մը կատարած են Պրազիլի մէջ գտնուող «Արենա Քորինթիանս» մարզադաշտին մօտ, ուր տեղի պիտի ունենայ 2014-ի Մոնտիալին բացման մրցումը:
«Աշխատաւորներ առանց տուներու շարժում»-ին կազմակերպած նստացոյցը, որուն մասնակիցներուն թիւը ոստիկանութեան կողմէ գնահատուեցաւ աւելի քան 10 հազարով, կառավարութենէն պահանջեց փոխադրամիջոցներու, բժշկական եւ դպրոցական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ բնակարաններու դիւրութիւններ ընծայել ժողովուրդին:
Նշենք, որ այս խաղաղ նստացոյցը անցաւ առանց որեւէ միջադէպի, մինչ նախորդ 27 մայիսին տեղի ունեցած ցոյցը բաւական խռովարարական արարքներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումներու օր մը եղաւ:
Այլ ցոյցի մը կը պատրաստուին Սան Փաուլոյի փապուղիի ընկերութեան պաշտօնեաները` փորձելով իրենց պահանջներուն գոհացում ստանալ Պրազիլի կառավարութենէն:
Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան այնպիսի պահու մը, երբ Պրազիլ կը պատրաստուի հիւրընկալել 600 հազարէն 850 հազար զբօսաշրջիկներ` 2014-ի Մոնտիալին առիթով:

