Պասքեթպոլ. 3×3-ի Միջազգային Մրցաշարք` Յառաջիկայ Ամիս
Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մայնտծ» ընկերութեան, յառաջիկայ ամիս տեղի պիտի ունենան 3×3 պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքեր` տարբեր թուականներով, տղոց եւ աղջկանց 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:
Անոնք տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ձեւով. 5 յուլիսին` «Էներժի Սփորթց Քլապ» ակումբին մէջ (Զուք), 19 յուլիսին` Հուփս ակումբին մէջ (Հազմիէ) եւ 26 յուլիսին (աւարտականը)` Ռիատիի դաշտին վրայ (Մանարա):
Մրցաշարքին աւարտին միայն տղոց յաղթական խումբը պիտի ապահովէ 2-3 օգոստոսին Փեքինի մէջ (Չինաստան) տեղի ունենալիք 3×3 միջազգային մրցաշարքին իր տոմսը:
Անհրաժեշտ է նշել, որ տղոց ախոյեան հանդիսացող խումբին Չինաստան մեկնողներուն ճամբորդութիւնը ապահովուած պիտի ըլլայ կազմակերպիչներուն կողմէ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու կամ արձանագրութիւններու համար կարելի է կապ հաստատել կազմակերպիչ ընկերութեան գլխաւոր պատասխանատու Եասեր Հաժի հետ` հեռաձայնելով 03-579999 թիւին:

