Մեսսի Դարձեալ Կը Գերազանցէ Բոլորը
Միջազգային հետազօտութիւններու մարզական կեդրոնը (“CIES”) Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին ճանչցած է իբրեւ տիեզերքի ամէնէն արժէքաւոր ֆութպոլիստը, կը յայտնէ sportdialog.ru կայքը:
Ամէնէն արժէքաւոր մարզիկներուն ցանկը կազմելով` կեդրոնը «ոսկիէ գնդակին» քառակի դափնեկիրին իսկական արժողութիւնը կը գնահատէ 216 միլիոն եւրոյով:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ արժանթինցիէն աժան է 102 միլիոն եւրոյով:
Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Լիվըրփուլի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարես, որուն արժէքն է 106,5 միլիոն եւրօ, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

