Անգլիական Եւ Գերմանական Ակումբներ Հետաքրքրուած` Մովսիսեանով
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանով հետաքրքրուած են անգլիական եւ գերմանական ակումբներ, կը յայտնէ ArmSport.am:
26 տարեկան Մովսիսեան ռուսական ակումբին հետ ցարդ նշանակած է 20 կոլ` 35 մրցումի ընթացքին, իսկ Հայաստանի հետ` 28 մրցումի ընթացքին 9 կոլ:
Ըստ «Սքայ Սփորթց»-ի, անգլիական քանի մը ակումբներու կարգ մը պատասխանատուներն ու ներկայացուցիչները Հայաստանի կատարած բարեկամական մրցումներուն ներկայ գտնուելով մեծապէս գնահատած են Մովսիսեանը:
Թէեւ այդ ակումբներուն անունները չեն նշուիր, սակայն Մովսիսեան կ՛ըսէ, որ եթէ անոնք իսկապէս լուրջ են եւ իրեն համար պայմանները նպաստաւոր, այդ գծով պիտի յայտարարուի մամուլով:
CATEGORIES Մարզական

