Ղանացի Կախարդը Կը Պնդէ, Որ Ռոնալտոյի Ստացած Վնասուածքը Իր Անէծքին Պատճառով Է

witch-doctorՌէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ դարձած է ղանացի ամէնէն յայտնի կախարդներէն մէկուն անէծքին հասցէատէրը, կը յայտնէ անգլիական «Տը Կարտիըն» պարբերաթերթը:

Նանա Քվաքու Պոնսամ յայտարարած է, որ փորթուգալցի յառաջապահին վնասուածքը իր անէծքին պատճառով է: Կախարդը կը պնդէ, որ ինք չորս ամիս առաջ յայտարարած էր, որ Ռոնալտոն պիտի բացակայի 2014-ի Մոնտիալէն:

«Չորս ամիս առաջ արդէն իսկ ըսի, որ պիտի աշխատիմ Ռոնալտոյի վրայ եւ թոյլ պիտի չտամ, որ ան մեկնի Պրազիլ կամ առնուազն, արգելք պիտի հանդիսանամ եւ թոյլ պիտի չտամ, որ ան դաշտ ներկայանայ մեզի դէմ: Ոչ մէկ բժիշկ ի զօրու է բժշկել անոր վնասուածքը, որովհետեւ բժիշկները չեն կրնար գտնել անոր իսկական պատճառը` նկատի ունենալով, որ անիկա կապուած է ոգիի հետ: Այսօր ան ծունկի վնասուածք կրնայ ստանալ, վաղը` մկանային, քանի մը օր ետք` այլ խնդիր մը», ըսաւ կախարդը:

Նշենք, որ Պրազիլի մէջ Ա. հանգրուանի մրցումներուն Փորթուգալի մրցակիցներն են Գերմանիա, Ղանա եւ Միացեալ Նահանգներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES