Պաշտօնապէս Հաստատուեցաւ Արազ Օզպիլիսի Վնասուածքը

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան – Ալճերիա ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ Սպարտակ Մոսկուայի եւ հաւաքականին միջնապահ Արազ Օզպիլիս:

Իր լուրը քաղելով ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ անոր աջ ոտքի ծունկին կոտրուած ըլլալը:

Պէտք է նշել, որ այս վնասուածքը Օզպիլիսի մօտ կը կրկնուի երրորդ անգամ ըլլալով:

Այժմ բժիշկները մասնագէտները եւ վիրաբուժները կ՛աշխատին կազմել յատուկ ծրագիր մը, որպէսզի Օզպիլիս կարելի եղածին չափ շուտ ապաքինի:

Ֆութպոլի դաշտերը անոր վերադարձին մասին ցարդ ոչինչ կը յայտարարեն:

Share this Article
CATEGORIES