Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պաշտօնական ձեր թուղթերը կանոնաւոր կերպով պահեցէք, որպէսզի երբ պէտք ունենաք անոնց, շուտով գտնէք: Կարգապահութիւնը ձեր առօրեային պաշտպանն է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անիմաստ հարցեր եթէ ստեղծուին ձեր շուրջը, բարեկամական կամ ընտանեկան պարագային ձեր իմաստութիւնը օգտագործեցէք, մի՛ պատասխանէք ոեւէ մէկուն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պաշտօնի բարձրացում մը հաւանական է: Այս կապակցութեամբ պիտի կարենաք նոր ծրագիրներ մշակել` առանց վարանելու: Օրը նպաստաւոր է ամէն պարագայի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր առաջարկները ներկայացուցէք ձեր մեծաւորներուն: Անոնք նկատի պիտի առնեն ձեր խնդրանքը եւ յաւելումի մասին պիտի մտածեն անմիջապէս:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դրամատնային ձեր հաշիւները լաւ պահեցէք: Եթէ ունիք մասնավճարի պարտաւորութիւն, մի՛ ուշանաք, առանց ձգձգելու վճարեցէք. «Պարտքը տալով, մեղքը լալով», կ՛ըսէ հայկական իմաստութիւնը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր լսած գաղտնիքը պահեցէք ձեզի, որպէսզի բերնէ բերան չըլլայ գերան: Զերծ մնացէք ասոր անոր հարցումներուն պատասխանելու պարտաւորութենէն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Թեթեւ անհանգստութեան մը պարագային դիմեցէք բժիշկին, որպէսզի առաջքը առնէք բարդութեան: Խոհեմ եղէք, տաք կամ ցուրտ օդին յարմար հագուեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդութեան ծրագիր մը կրնայ յետաձգուիլ որոշ հարցի մը պատճառով, որ դուրսէն կու գայ: Հետեւեցէք անցուդարձին` առանց իրար անցնելու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ծառայութիւնը կամ բարեսիրութիւնը մարդկային առաքինութիւններ են: Եթէ ստիպուիք ծառայելու կամ բարեսիրութիւն մը ընելու, մի՛ խուսափիք, ըրէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հոգեւոր կեանքը գերադաս պիտի նկատէք: Կարդացէք բարոյագիտական գիրքեր, որպէսզի ձեր ջիղերը հանգստանան: Հեռու մնացէք գրգռիչ ժապաւէններ դիտելէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նիւթական եկամուտ մը պիտի ստանաք ձեր իրագործած կարեւոր մէկ աշխատանքին փոխարէն: Առանց յետին նպատակի կամ փոխադարձ ակնկալութեան` շարունակեցէք ձեր ստեղծագործական աշխատանքները:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աստղանշանը բախտաբեր պիտի ըլլայ այսօր: Յուսալքումը պիտի հեռանայ ձեր զգացումներէն եւ փոխարէնը` լաւատես պիտի ըլլաք: Միշտ այսպէս եղէք:

Share this Article
CATEGORIES