50 Տարի Առաջ (7 Յունիս 1964)

Տոմսեր

Ծափ Եւ Ծափահարութիւն

Օտար մամուլին մէջ ծափահարութեան հարց մը կը յուզուի այս օրերուն…

Բարեբախտաբար ազգային հարց չէ, այլ բացառապէս… միջազգային. հետեւաբար չի սպառնար մեր ներքին կեանքին` պառակտումի կամ անմիաբանութեան վտանգով:

Անգլիացի դերասանուհի մը, վերջերս, կէս ձգելով բեմին վրայ իր դերակատարութիւնը, հեռացած է թատրոնէն` յայտարարելով, որ «ակնկալուած ծափահարութիւնը չի գտներ ներկաներէն»:

Մոսկուայի մէջ եւս դերասան մը նո՛յն առարկութեամբ հրաժեշտ տուած է բեմին:

Անգլիացի լրագրող մը այս դէպքերուն առթիւ կը գրէ, թէ ծափահարութիւնը ամէնէն շատ փնտռուած բանն է մերօրեայ կեանքին մէջ, եւ աշխարհականէն մինչեւ հոգեւորականը կը փափաքին առաւելագոյն ծափերը խլել իրենց համակիրներէն:

Ասիկա մօտաւորապէս կը նշանակէ, թէ կ՛անհետանա՜յ մարդկային վերջին առաքինութիւնը. համեստութիւնը: Իսկ թէ ի՛նչ բանի կրնան վերածուիլ մարդիկ` համեստութիւնն ալ կորսնցնելէ ետք, տակաւին յայտնի չէ…

Անգլիացի լրագրողը կը յայտնէ նաեւ, թէ նոր դասակարգ մը ստեղծուած է, որ կը կոչուի «ծափահարութեան… միջնորդներու ընկերակցութիւն», եւ որուն պարտականութիւնն է մարդոց յիշեցնել, թէ… ծափահարելու պարտականութիւն մը ունին: Քաջալերել եւ հրահրե՜լ ծափերը` աղմուկը բարձրացնելով մինչեւ երկինք…

Բարեբախտաբար, սակայն, կան նաեւ ծափի եւ ծափահարութեան թշնամի «վերջամնաց»-ներ:

Կը պատմեն, արդարեւ, թէ հռչակաւոր դաշնակահար Վլատիմիր Տէ Փահման կ՛արհամարհէ թէ՛ դիւրահաւան հանդիսականները եւ թէ՛ ցուցամոլիկ քննադատները:

Օր մը, երբ սրահի ծովածաւալ բազմութիւնը ջերմօրէն կը ծափահարէր դարձեալ իր մէկ նուագածութիւնը, Տէ Փահման, անտարբեր, կը նստի իր տեղը, եւ երբ վերջապէս ծափերը կը դադրին, կը յայտարարէ.

– … Հիմա այս նո՛յն կտորը պիտի նուագեմ այնպէ՛ս, ինչպէս որ պէտք էր նուագուէր…

Անշուշտ ասով ըսել կ՛ուզէր, թէ վայրկեան մը առաջ լսուող որոտընդոստ ծափերը անգիտութեան կամ տգիտութեան արդիւնք էին միայն:

Այս անգամ, սակայն, երբ մեծ արուեստագէտը իսկական տաղանդով եւ հարազատութեամբ կը նուագէ իր կտորը, սրահը կը մնայ լո՜ւռ եւ անապատային…

Ո՛չ ոք կը ծափահարէր:

Տէ Փահման կը դառնայ իր դաշնակին ու կը խոնարհի անոր առջեւ…

Օրինակելի՜ «ծափահարութիւն»:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Ցիր Ու Ցան Հայեր

Կեսարիոյ Եկեղեցիին Տօնախմբութիւնը

Կեսարիայէն 31 մայիս թուականով կը գրեն.-

Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին եւ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հիմնարկութեան 106-րդ տարեդարձին առթիւ, այսօր` կիրակի կրօնական հանդիսաւոր արարողութիւն տեղի ունեցաւ դարձեալ:

Մեր բազմամեայ վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան, որ այս օրերս Պոլիս կը վերադառնայ, վերջին անգամ Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատիկի տօներէն մինչեւ օրս իր բոլոր պարտականութիւնները լիուլի խղճմտօրէն կատարած եւ վերջացուցած է` հակառակ իր քրոնիկ յօդացաւերուն եւ այսօր վերստին հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց: Երէկ իրիկուն ժամերգութենէն ետք կատարուեցաւ աղօրհնութիւն եւ մատաղցու ոչխարներու զենում:

Տէր հայրը «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ» բնաբանով իր այս խօսած աւուր պատշաճի գեղեցիկ քարոզով Հայց. եկեղեցւոյ անսասանութիւն մաղթեց եւ մատաղի օրհնութիւնը կատարեց, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն` Կեսարիոյ մէջ պաշտօնավարած հայրապետներու, առաջնորդներու, փոխանորդներու եւ սատարողներու յիշատակին, հոգեկան մխիթարութիւն առթելով դարաւոր տաճարը լեցնող երկսեռ խուռներամ հաւատացեալներուն:

Պատարագէն ետք ժողովուրդին մասնաւոր պնակներով մատաղի միս եւ եղինձ բաժնուեցաւ եւ այրերու համար ալ առանձին սեղան տրուեցաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES