Պրազիլը Պատրա՞ստ Է Մոնտիալին
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մոնտիալը պիտի սկսի 12 յունիսին, Պրազիլի մէջ. սակայն մէկ ամիս առաջ անոր դաշտերուն կառուցումը տակաւին չէ աւարտած: Այս ուշացումը եւ աշխատանքներուն ծախսը մեծ մտահոգութիւններ կը պատճառեն:
Պրազիլի համար մեծ տօն մըն էր, երբ 2007 թուականին ան ընտրուեցաւ 2014-ի Մոնտիալի կազմակերպիչ երկիր: Աշխատանքները շատ շուտ սկսան:
Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՖԱ-ի պատասխանատուները կ՛երազէին, որ դաշտերը ժամանակէն առաջ պիտի վերջանային եւ յանձնուէին, եւ իրենք պիտի կարենային զանոնք փորձել բացումէն առաջ:
Սակայն, եօթը տարի ետք, Մոնտիալի բացումէն մէկ ամիս առաջ, անոնք շատ մտահոգ էին: Աշխատանքները ամիսներու ուշացում արձանագրած են: Շինուած 12 դաշտերէն չորսը տակաւին չեն աւարտած: Տակաւին ջուրերու խողովակները պէտք էր հաստատուէին 6 դաշտերու մէջ: 12 յունիսին բացումի խաղը Պրազիլի եւ Խրուաթիոյ միջեւ, ընդունող դաշտին բացումը կատարուեցաւ 11 մայիսին, սակայն դաշտին տանիքին աշխատանքները տակաւին չէին աւարտած, աթոռներ կը պակսէին եւ թելեր կախուած էին: Ո՛չ մէկ դաշտ տակաւին օժտուած է հաղորդակցական միջոցներով եւ անթել համացանցով:
Դաշտերուն կողքին կան նաեւ կառատուները, որոնց կառուցումը եւս պէտք է աւարտել, կազմակերպել փոխադրամիջոցները, օդակայանները նախապատրաստել խուժող զբօսաշրջիկները ընդունելու համար…
Վերջապէս, աշխատանքներու այս ուշացումներուն վրայ կու գայ աւելնալու անոնց ծախսի հարցը:
Ան մրցանիշ արձանագրած է եւ դժգոհութիւն կը պատճառէ բնակիչներուն մեծ մասին:
Մասնագէտները կ՛ըսեն, թէ միայն Պրազիլի յաղթանակը 13 յուլիսին կրնայ ժողովուրդին մոռցնել տալ այս բոլոր մտահոգութիւնները: Մեծ ճնշում` Պրազիլի ազգային խումբին վրայ:
Գիտէի՞ր, Թէ…
- Այս Մոնտիալը ամէնէն ծախսալից Մոնտիալն է: Ան նուազագոյնը 10 միլիառ տոլար պիտի արժէ: Նախատեսուածէն երկու անգամ աւելի:
- Երկիրը կ՛ակնկալէ 600 հազար օտար զբօսաշրջիկ: Անոնք պիտի աւելնան 3 միլիոն պրազիլցիներուն վրայ, որոնք երկրին մէջ պիտի տեղափոխուին տարբեր խաղերու ներկայ գտնուելու համար:
- 150 հազար ոստիկաններ եւ ապահովութեան անձնական ընկերութիւններու 20 հազար անդամներ պիտի հսկեն ապահովութեան` դաշտերէն ներս թէ դուրս:
- 2 պրազիլցիներէն մէկը միայն ուրախ է, որ երկիրը Մոնտիալը կ՛ընդունի: Շատեր ընդվզած են ծախսուած գումարները տեսնելով, մինչ մեծ թիւով բնակիչներ թշուառութեան մէջ կ՛ապրին:
- Բարկացած բնակչութիւնը կը սպառնայ ցոյցերը շարունակել եւ գործադուլներ կազմակերպել մրցաշարքին ընթացքին:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ…

Ամերիկացի Չատ Ֆել 51 սմ տրամագիծով ծամոնէ փուչիկ մը ուռեցուց:

Գիտէի՞ր, թէ Օլեքսանտր Պոզեիք կրնայ չորս ջութակ նուագել միաժամանակ:
- Միջին հաշուով ականջ մը կ՛երկարի 0,03 սմ ամէն տարի:
- Հին Հռոմի մէջ ճաղատ մարդիկը յաճախ մազեր կը գծէին իրենց գլխուն վրայ:
- Եթէ Քալիֆորնիոյ մէջ ամէն տարի աճող ելակները քով-քովի դրուէին, անոնք կրնային աշխարհի շուրջը 15 անգամ ընել:
- Թռչունները չեն քրտնիր: Անոնք քրտինքի գեղձեր չունին:
- Ընձուղտներու կճղակները ճաշի պնակներու չափ մեծ են:
- Միացեալ Նահանգներու Մերիլենտ նահանգի Պալթիմոր քաղաքին մէջ օրէնքի դէմ է առիւծ մը շարժապատկերի սրահ մտցնել:
- Ռենտի Կարտնըր արթուն մնաց 264 ժամ եւ 12 վայրկեան, 1964 թուականին: Ետքը ան քնացաւ միայն 14 ժամ եւ 40 վայրկեան:
- Չղջիկները բութամատ ունին:
- Կոկորդիլոսը կրնայ մինչեւ մէկ ժամ մնալ ջուրին տակ առանց շնչելու: Ան ասիկա կրնայ իրականացնել իր սրտին տրոփումները դանդաղեցնելով վայրկեանին մէջ մինչեւ երկու կամ երեք տրոփումի:
- Մարդոց մեծ մասը օրական 50-100 գլխու մազ կը կորսնցնէ:
- Հաուայի այբուբենը միայն 12 գիր ունի:
- Փիղերը միակ ստնաւոր անասուններն են, որոնք չեն կրնար ցատկել:
- Հոնկ Քոնկէն Պերի Հիփ 81 ժամ եւ 23 վայրկեան անցուց 1000 քարաօքէյի երգեր երգելով:
- Մեղուները մէկ վայրկեանի մէջ իրենց թեւերը կը շարժեն 11,500 անգամ:
- Աշխարհի ամէնէն մեծ ձիւնի փաթիլը ունէր 38 սմ լայնք եւ 20 սմ հաստութիւն: Ան ինկաւ Մոնթանայի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, 28 յունուար 1887-ին:
- Կարելի է գնել պանիրի հոտ ունեցող անուշահոտ:
- Մեր կեանքին ընթացքին մենք մօտաւորապէս 600 միլիոն անգամ շունչ կ՛առնենք, այսինքն` օրական մօտաւորապէս 23,000 անգամ:
- Տասը անձէն մէկը կ՛ապրի կղզիի մը վրայ:
Ֆութպոլ` Գերմանացիները, Անգլիացիները,
Սպանացիները… Բոլորը Նո՞յն Ձեւով Կը Խաղան
Ո՛չ: Ըստ իրենց քաղաքացիութեան, խումբերը տարբեր կը խաղան:
Օրինակի համար, Եւրոպայի մէջ կարելի է տարբերել հիւսիսային երկիրներու խաղը եւ հարաւային երկիրներու խաղը: Անգլիացիները եւ գերմանացիները շատ տոկուն մարմիններու խաղ մը ունին, ուղղակի եւ յարձակողական: Անոնք կ՛ուզեն կէտեր արձանագրել, յաղթել:
Իտալացիները չեն ուզեր կորսնցնել: Այս պարագան տարբեր է. անոնք նախընտրաբար պաշտպանողական եւ թաքթիք խաղ մը կը խաղան: Սպանիոյ պարագային դժուար է զանազանել, որովհետեւ այս երկրին խումբերը խաղալու տարբեր ոճեր ունին: Պարսելոնան բաւական յարձակողական է:
Պրազիլի մէջ մարզիկներ գնդակին շուրջ կը դառնան եւ գնդակը իրարու շատ կը փոխանցեն: Ասիկա իրենց երաժշտութեան` սամպային կշռոյթին հետ կ՛ընթանայ:
Խաղալու այս ոճերը կը յառաջանան մշակոյթներէն, երկիրներուն պատմութենէն… ֆութպոլի մարզիկները տարբեր ձեւով կը մարզուին: Սակայն ներկայիս խումբերը միշտ աւելի տարբեր երկիրներէ խաղցողներ կ՛առնեն: Խաղի տարբերութիւնները նուազ յստակ են: Անգլիական խումբի մը մէջ խաղցող պրազիլցի մը բնաւ պիտի չխաղայ այնպէս, ինչպէս կը խաղայ իր երկրին մէջ: Ան իր խաղը պիտի յարմարցնէ, սակայն հետը պիտի բերէ նաեւ «իր» ֆութպոլէն բաժին մը:
Ինչպէ՞ս Ուտել Համպըրկըրը
Երբ համպըրկըր մը կ՛ուտենք, ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի լոլիկի շերտը վարէն չսահի, կամ` քեչափը չհոսի կզակին երկայնքին…
Ճափոնցի գիտնականներ մտածած են այս նուրբ հարցին մասին: Անոնք վերջապէս կրցած են գտնել մաքուր կերպով համպըրկըր մը ուտելու միջոցը:
Ամէն ինչ կախեալ է մատները դնելու տեղէն:
Պէտք է հացը բռնել բութամատերով եւ ճկոյթներով` տակէն, եւ մէջտեղի վեց մատներով` վրայէն:
Սակայն գիտնականները չեն ճշդեր, եթէ այս միջոցը կարելի է գործածել նաեւ միսի երկու, կամ նոյնիսկ երեք շերտով համպըրկըրներու պարագային:
Միլիառատէրերու Երկիրը
Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ է, որ կ՛ապրին ամէնէն շատ թիւով միլիառատէրեր: Լոնտոնի մէջ անոնց թիւը 72-ի կը հասնի, մինչ Մոսկուայի մէջ անոնք 48 հոգի են, Նիւ Եորքի մէջ` 43, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ` 42, Լոս Անճելըսի մէջ` 38, եւ Հոնկ Քոնկի մէջ` 34:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:

Կէտերը իրարու միացուր` գտնելու համար պահուած պատկերը

Քանի՞ տեսակ անասուն պահուած է այս պատկերին մէջ: Անոնց մէջ կայ անասուն մը, որ կրկնուած է:

Քանի՞ ժամէն դուն պիտի կարենաս այս լաբիւրինթոսը անցնիլ:

