Զմմառու Ուխտի Օր

IMG_1621Աւանդութեան համաձայն, Զմմառու ուխտի օրը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ կիրակի, 1 յունիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին:  Հայ կաթողիկէ Զմմառու վանքը լայն բացաւ իր թեւերը` հիւրընկալելով հազարէ աւելի ուխտաւորներ` Լիբանանի տարբեր շրջաններէ, մասնակցելու համար Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին կողմէ մատուցուած Ս. պատարագին, ապա Վարդարանի ջերմեռանդութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

Զմմառու հրապարակէն Տիրամօր արձանը ուսամբարձ, Ս. Վարդարանի աղօթքով եւ ՀԿՄ-ի շեփորախումբի հնչեցուցած տաղերու ուղեկցութեամբ, Հայ կաթողիկէ կղերաց շքախումբը եւ հանրութիւնը թափօրով յառաջացան դէպի Զմմառու վանքի շրջափակը, ուր զետեղուած էր Ս. խորանը, ապա Զմմառու մայրավանքէն հոգեւոր տէրը ժառանգաւորներու ուղեկցութեամբ երկրորդ թափօրով մը բարձրացաւ խորան, ընթացք առաւ օրուան Ս. պատարագի արարողութիւնը, երգեցողութեամբ` Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ Արծիւեան երգչախումբին` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

IMG_1425Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ Տիրամօր կեանքի ուղին ամփոփեց երեք կէտերու մէջ` ըսելով.

«Առաջին` Ան լսելով Աստուծոյ կանչը հնազանդեցաւ Անոր: Երկրորդ` Ան որոշեց այցելել Եղիսաբէթին, անոր յղութեան շրջանին փութալով ծառայել անոր:

Երրորդ` Ան գործադրեց իրեն թելադրուած պատուէրները»:

Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց ներկաները յորդորելով իբրեւ իտէալ ունենալ Տիրամայրը իրենց կեանքի ողջ ընթացքին, որովհետեւ այդպէս կարելի կ’ըլլայ ապահովել մշտնջենականութիւնը:

Կէսօրուան ժամը 1:00-ին, ժառանգաւորաց սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ, ուր խօսք առաւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ Ընծայարանի տեսուչ  Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան. ան ողջունեց մասնակիցները եւ աւելցուց. «Գարնան եւ գեղեցկութեան ամիս մայիսը նուիրուած է Տիրամօր, քանզի բնութեան իւրաքանչիւր տարր ծաղկման ժամանակաշրջան թեւակոխած կ’ըլլայ, այդ թուին Զմմառու միաբաններս մեր ցնծութիւնը կը դրսեւորենք իւրաքանչիւր տարուան մայիսի վերջին կիրակին` կազմակերպելով միօրեայ ուխտի օր»:

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, տեղի ունեցաւ Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը դարձեալ վանքի շրջափակին մէջ, ապա Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան` Զմմառու Տիրամօր պատկերը բարձրացնելով` հայցեց անոր Բարեխօսութիւնը առ Ս. Երրորդութեան: Աւարտին Զմմառու դպրեվանքի փոխ տեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան հաւատացեալներուն թելադրեց կառչիլ Տիրամօր փոխանցած խորհուրդին եւ զգուշացուց. «Վա՛յ ձեզի, եթէ միայն դուք ձեզի վերապահէք Տիրամօր բարեխօսութիւնը, այլ` փոխանցեցէք զայն այլոց եւ ամէնուր»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES