Վահան Հաճէթեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ . Մտորումներ` Տարբեր Տեսակի
ԵՒՆԻԿԷ ՏՕՔՈՒԶԼԵԱՆ-ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Քառասուն օրեր առաջ` ապրիլ 24-ին սիրելի բարեկամուհիս` Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի ամուսինը` պրն. Վահանը, իր մահկանացուն կնքեց: Այդ տխուր առիթով երբ այցելեցի իրեն, ինչպէս նաեւ յուղարկաւորութեան ատեն, տեսայ տխուր դէմքերը ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամին` կնոջ, զաւակներուն, հարսերուն եւ նոյնիսկ մեծահասակ թոռներուն: Երկար տարիներու կեանքի ընկերը, ամուսինը, հայրը, մեծ հայրը անդարձ կը բաժնուէր իրենցմէ: Մտածեցի, թէ որքան դժուար է եւ ցաւալի սիրելիի մը կորուստը ընդունիլ, նոյնիսկ եթէ մտովին եւ հոգեպէս պատրաստուած ըլլաս մահուան գաղափարին: Այս մտածումները զիս տարին 2002 թուականի ապրիլ 20. ամբողջ ամիս մը մահաքունի մէջ մնալէ ետք ամուսինս աչքերը փակեց այս աշխարհին վերջնականապէս: Թէեւ ամբողջ ամիսը մտովին եւ հոգեպէս ինքզինքս պատրաստած էի, պէտք է ընդունիլ սակայն, որ սիրելիի մը կորուստը իսկապէս դժուար ընդունելի է:
Հոգեկան ծանր վիճակներէ անցումի այդ օրերուն մտքիս մէջ հարցի բնոյթ ստացած էր այն գաղափարը, թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ եկեղեցիին դերը կամ եկեղեցիին ծառաներուն` հովիւներուն դերակատարութիւնը նման պարագաներու: Եկեղեցական սովորական արարողութենէն անդին, մնացող անձերուն իրենց հոգեկան ճնշուած վիճակներու մէջ օգտակար հանդիսանալու պարագան: Հոգեւոր հովիւը կամ եկեղեցիին հովանիին տակ գործողները պէտք է ըլլան պատրաստուած, մասնագիտացած, այսպէս ասած «ընկերային ծառայողներ», որոնք այսպիսի եւ նմանօրինակ պարագաներու յաճախակի այցելութիւններ տալով, փորձեն հոգեկան անցուկ վիճակէն դուրս բերել այն անձը/անձերը, որոնք կը դիմագրաւեն կեանքի նոր եւ դաժան փորձառութիւն մը:
Հոգեկան տագնապներէ կամ ճնշուածութենէ անցնող անձերը անպայմանօրէն հարազատի մը կամ սիրելիի մը մահուան պատճառով չէ, որ այդպիսի տագնապներէ կ՛անցնին, կեանքի մէջ մեր դիմակալած երեւոյթները եւ հարցերը բազմատեսակ են: Օրինակի համար` գործի կորուստ, հիւանդութիւն, ամուսնալուծում, ինչքերու կամ ստացուածքի կորուստ, բարեկամի կամ հարազատի «կորուստ» տեղափոխութեան պատճառով, պիտանի չըլլալու զգացում հանգստեան կոչուելու պատճառով, եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը: Սակայն այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու սիրելիի մը մահուան պատճառով մնացողներուն հոգեկան տագնապներու մատնուիլը, որ զիրենք կ՛առաջնորդէ դէպի ընկճուածութիւն, որ ինքնին հիւանդութիւն կարելի է նկատել եթէ օրին դարմանի մասին չմտածուի, եւ այդ կրնայ առաջնորդել անհատը մինչեւ ջիղերու քայքայումի, մտային խանգարումի, հոգեկան ընկճուածութիւններու եւ իր կարգին` մահուան:
Մէկ բան յստակ պէտք է ըլլայ մեր միտքերուն մէջ թէ` մահը/կորուստը փորձառութիւն մըն է, որ ոեւէ անհատի կեանքի ընթացքին կը պատահի, կեանքի տարբեր հանգրուաններուն եւ տարբեր վիճակներով կը յայտնուի: Թէ մահը/կորուստը/բաժանումը ինչպէ՞ս կ՛ազդէ մեր վրայ, կախեալ է մեր պատրաստուածութենէն իբրեւ քրիստոնեայ հաւատացեալներ, եւ անհրաժեշտ է, որ տրամաբանօրէն հասկնանք եւ ընդունինք:
Աստուածաշունչին մէջ կայ դրուագ մը, զոր յաճախ լսած ենք եւ կարդացած: Ղազարոսի յարութեան դրուագն է: Կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ իմ խորհրդածութիւններս այս դէպքին շուրջ: Ինչպէ՞ս կարելի է Աստուածաշունչի լոյսին տակ տեսնել օգտակար ըլլալու կարելիութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը:
Մարիամ եւ Մարթա մարդ ղրկեցին Յիսուսի, որ գայ եւ բժշկէ Ղազարոսը, որ հիւանդ էր: Աշակերտները չէին ակնկալեր Ղազարոսը մեռած գտնել: Ցնցումը անխուսափելի էր, երբ մեռած գտան զայն: Թէեւ միտքերը պատրաստուած ալ ըլլան, տակաւին մահուան հետ կապուած բաժանումը ցնցում կը յառաջացնէ մեր հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ:
Յիսուս երբ եկաւ, Մարթան էր, որ դիմաւորեց ու խօսեցաւ Յիսուսի հետ, իր սիրտը պարպեց: Յիսուս մտիկ ըրաւ զայն: Այս կարեւոր կէտ մըն է. երբ կ՛այցելենք վշտահար անձի մը, փորձենք լսել զայն: Թող բանայ սիրտը, պարպէ զայն: Թոյլ տանք, որ խօսի, խօսիլը կ՛օգնէ թեթեւցնելու զգացական ճնշուածութիւնը եւ ցնցումը: Թոյլ տանք, որ հարցումներ ուղղէ, եւ ամէնէն սովորական հարցումը անշուշտ պիտի ըլլայ «ինչո՞ւ»-ն:
Զիրենք լսելով պիտի գիտակցինք նաեւ, որ նման փորձառութիւններ բոլորիս համար են: Ասիկա ինքնայայտնութեան փորձառութիւն մըն է: Որքան ժամանակ որ կու տանք լսելու, այնքան աւելի կարող պիտի ըլլանք ճշգրտօրէն տեսնելու վիճակը/հարցը այն անձին, որ մեր օգնութեան կը կարօտի:
Յիսուս երբ եկաւ, Ղազարոս արդէն չորս օրէ գերեզմանը դրուած էր: (Յովհ. 11:17): Ինչո՞ւ չորս օր: Նման պարագաներու չորս օրը իմաստ կ՛ունենայ: Այսինքն սկզբնական ցնցումը անցած կ՛ըլլայ, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները ամբողջացած, սգակիրներու բազմութիւնը թեթեւցած, եւ չորրորդ օրը արդէն ընտանիքն ու հարազատներն են, որ իրարու մօտ կ՛ըլլան: Ա՛յդ ժամանակ է, որ կարիքը կը զգացուի սրտակից, վշտակից, հոգացող անձի մը:
Յովհ. 11.20. «Արդ, երբ լսեց Մարթա, թէ Յիսուս կու գայ, զայն դիմաւորելու գնաց. բայց Մարիամ տան մէջ նստեր էր»: Մարիամ տունը մնաց ցնցումի եւ ցաւի վիճակի մէջ, անկարող բան մը ընելու: Ասիկա բնական երեւոյթ է, նման պարագաներու կայ իրականութիւնը չըմբռնելու վիճակը, զգացումներէ զուրկ ըլլալու վիճակը, որեւէ աշխատանք կատարելու անկարող զգալու զգացումը:
Յովհ. 11.21-ին մէջ կը կարդանք «եւ Մարթա ըսաւ Յիսուսի. «Տէր եթէ հոս ըլլայիր իմ եղբայրս չէր մեռներ»: Իսկ Յովհ. 11.32-ին մէջ կ՛ըսէ. «Իսկ Մարիամ, երբ Յիսուսի եղած տեղը եկաւ ու զանիկա տեսաւ, անոր ոտքը իյնալով ըսաւ անոր. «Տէր եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ»: Այս երկու համարներուն մէջ կը տեսնենք Մարթա եւ Մարիամ քոյրերը նոյն ձեւով կը վերաբերին, ըսել կ՛ուզեն Յիսուսին. «Ինչո՞ւ հոս չէիր»: Ներքնապէս անոնք այն զօրաւոր համոզումը ունէին, թէ Յիսուս կրնար կասեցնել այդ պատահարը: Իսկապէս մեղադրանք մըն էր ուղղուած Յիսուսի: Մենք` հասարակ մահկանացուներս, միշտ տկար ենք նման դէպքերու դիմաց եւ մեղադրանքներ կ՛ուղղենք այս կամ այն անձին, դէպքին, պատահարին եւ նոյնիսկ Աստուծոյ, յատկապէս եթէ յանկարծակի եւ անակնկալօրէն պատահած է մահուան դէպքը: «Ինչո՞ւ»-ին կարելի չէ միշտ ալ պատասխան մը տալ: Ընկճուածութեան վիճակ մըն է, որ կը յայտնուի այս նախադասութեան մէջ. «եթէ հոս ըլլայիր» կամ «իմ սխալս եղաւ» կամ «եթէ այսպէս ըրած ըլլայի…»:
Նման պարագաներու մասնագիտացած անձեր/հովիւներ պէտք է օգտակար ըլլան, որովհետեւ այս ամբաստանութիւն/մեղադրանք ծիրը ժամանակի ընթացքին կրնայ ընդլայնուիլ եւ ուրիշներ ալ ներառել:
Յովհ. 11.25-ին մէջ կը կարդանք. «Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ յարութիւնը ու կեանքը, ան որ ինծի կը հաւատայ թէեւ մեռնի պիտի ապրի»: Հոս կը տեսնենք դիմացինին վստահութիւն ներշնչելու կարեւորութիւնը: Յիսուսի կողմէ արտասանուած այս խօսքերը վստահութիւն ներշնչեցին մահացողին հարազատներուն:
Յովհ. 11.27-ին մէջ կը կարդանք Մարթայի պատասխանը. «… ըսաւ անոր. «Այո՛ Տէր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ գալու էիր»: Ցոյց կու տայ կատարեալ վստահութիւն Յիսուսի նկատմամբ եւ ինքնին` վստահութիւն հանդէպ օգտակար հանդիսացող անձին:
Ցնցումը կ՛ազդէ մեր հոգիին, մտքին, զգացումներուն, կամքին, մարմնին եւ աշխատելու կարողութեան: Այս ցնցումի վիճակը կը տարբերի անհատէ անհատ: Սակայն երբ կայ հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ վստահութիւնը շուրջիններուն նկատմամբ, շատ բան կարելի է փոխել եւ մեղմացնել ստեղծուած կացութիւնը:
Արցունքն ու լացը բնական եւ առողջարար բաներ են: Սիրով վշտակցիլը կը թեթեւցնէ դիմացինին ցնցումը, ցաւը, կորուստը, ջիղերու յոգնածութիւնը եւ ճնշուածութիւնը: Յիսուս ալ իսկապէս ազդուեցաւ պարզուած կացութեան առջեւ, երբ բարեկամներ, ազգականներ կու լային: Յովհ. 11.35-ին մէջ կ՛ըսէ. «Յիսուս լացաւ»: Աստուածաշունչին ամէնէն կարճ համարը, որ ինքնին շատ բովանդակալից է: Յիսուս կու լայ բարեկամի մը կորուստին համար:
Յիսուս կրնայ մեզ ձերբազատել վիշտի կապանքներէն եւ մեզի կու տայ կեանքի նոր ուղղութիւն մը: Ղազարոսի յարութիւնը կը նշանակէ, որ կեանքը կը շարունակուի եւ պէտք է շարունակուի միշտ դէպի առաջ: Կարելի չէ ճակատիլ կամ ընդդիմանալ մահուան / կորուստի գաղափարին. ընդհակառակը, պէտք է ընդունիլ: Ընդունիլ կը նշանակէ ապրիլ իրականութեան հետ, հաշտուիլ ստեղծուած կացութեան հետ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ըլլայ ցաւալի եւ տխուր: Որքան որ ալ անձը նկարագիրով զօրաւոր ըլլայ, տակաւին կրնայ ճնշուածութեան եւ ընկճուածութեան ենթարկուիլ, որ ինքնին կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ: Այդ հետեւանքներէն կարելի է յիշել այն, որ խնդրոյ անձը երբեմն նոյնիսկ ինքզինք լքուած եւ անընդունելի կը նկատէ ընկերութեան մէջ` լքուած բարեկամներէ, ընկերներէ, ազգականներէ, նոյնիսկ երբեմն Աստուծմէ:
Յամենայն դէպս մահուան դառն իրականութիւնը պէտք է դիմագրաւել եւ ընդունիլ, առանց որուն կեանքի մէջ ոչ մէկ յառաջացում կարելի է:
Այս բոլորէն ետք ժամանակն է, որ մեր հովիւները ըլլան պատրաստուած եւ ունենան պատրաստակամութիւնը օգտակար հանդիսանալու վշտահար անձին: Իսկ եթէ հովիւը այդ պատրաստուածութիւնը չունի, մասնագիտական առումով մեր եկեղեցիները պէտք է ունենան իրենց «ընկերային ծառայողները»:
Աստուած հոգին լուսաւորէ պրն. Վահանին, հողը թեթեւ գայ վրան եւ իր սիրելիներուն Ս. հոգիին մխիթարութիւնը շնորհէ:
26 մայիս, 2014

