ՊԱՅՔԱՐՊՈՆԱԹԸ ՄԱՐՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՉԷ ՄԻԱՅՆ
Ա.
ՓՈՇԻ, ՈՐ ԶԵՐԾ Է ԾԱԽՍԷ ԵՒ ՎՆԱՍԷ
Հինէն ի վեր պայքարպոնաթը արդէն փաստած է իր ազդեցութիւնը խոհանոցէն ներս եւ ընդհանրապէս տան մէջ` առօրեայ առողջապահական նեղութիւնները նուազեցնելով:
Այս ճերմակ փոշին ոչ միայն ծախսալից չէ, այլեւ ոչ մէկ ձեւով կը վնասէ առողջութեան եւ կենսոլորտին: Պէտք է զգուշանանք շփոթելէ փոշի պայքարպոնաթը` քարպոնաթ սոտայէն եւ քարպոնաթ սոտիոմէն: Վերջինս կը ծառայէ իբրեւ տան մաքրութեան դեղ: Ուշադիր պէտք է ըլլալ նաեւ շփոթելէ պայքարպոնաթը` այրուածք պատճառող սոտայէն, որուն քիմիական անունը հայտրոքսիտ սոտիոմ է: Վերջինս չափազանց թունաւոր է:
Պայքարպոնաթը կը գտնենք նպարավաճառներուն մօտ` աղի եւ համեմներու բաժինը զետեղուած: Զայն կը գտնենք նաեւ դեղարանները:
ՄԱՐՍՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԴԻՒՐԱՑՆՈՂ ԵՒ ՀԱԿԱՆԵԽՈՂ
Պայքարպոնաթը ծանօթ է մարսողութիւնը դիւրացնելու կամ դժուարամարսութեան դէմ պայքարելու յատկութեամբ: Այրուածք կամ թթուածութիւն ունի՞ ստամոքսդ: Հարուստ ճաշէ մը ետք դժուարամարսութիւն ունեցա՞ր: Բուժումը դիւրին է` մէկ փոքր դգալ փոշի պայքարպոնաթ լուծէ մէկ գաւաթ ջուրի մէջ ու խմէ: Պայքարպոնաթը նիւթ մըն է, որ ծծելու յատկութիւն ունի: Ան կը հաւասարակշռէ PH ջրածինի քանակը մարմնին մէջ եւ կ՛արգիլէ թթուածութեան քանակի աւելացումը:
Եթէ զգայուն ստամոքս ունիս, կը թելադրենք, որ պտղունց մը պայքարպոնաթ ցանես ընդեղէններուն վրայ, զանոնք եփելու ընթացքին: Կարելի է նաեւ լոլիկի կամ պտուղի նման թթու ուտելիքներուն վրայ ալ ցանել մարսողութիւնը դիւրացնելու համար:
Ներկայիս մասնագէտներ պայքարպոնաթի նոր յատկութիւն մըն ալ ի յայտ բերին, անոր հականեխելու յատկութիւնը: Կրնայ ըլլալ, որ մեզմէ շատերու մտքէն կը վրիպի, որ սանտրերը, վրձինները, եղունգի խարտոցը, շպարի վրձինները ժամանակի ընթացքին կը վերածուին մանրէներու բոյնի: Զանոնք մաքրելու լաւագոյն միջոցն է պայքարպոնաթի գործածութիւնը: Բաւարար է զանոնք մէկ գիշեր թրջել լուացարանին մէջ` աւելցնելով ութ մեծ դգալ պայքարպոնաթ: Յաջորդ առտու ջուրով կարելի է ցօղուել գործիքները:
Կ՛ուզե՞ս հականեխել կամ մաքրել ձեռքերդ: Բաւարար է թրջել եւ պայքարպոնաթով շփել զանոնք, ճիշդ օճառի պէս: Արդիւնքը կ՛ըլլայ մաքուր ու փափուկ ձեռքեր: Իսկ եթէ կ՛ուզես եղունգներդ ճերմկցնել ու մաքրել նախքան զանոնք կոկելը, կարելի է թրջել զանոնք գաղջ ջուր եւ երեք մեծ դգալ պայքարպոնաթ պարունակող թասի մը մէջ:
ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

