Պատմական Հանդիպումի Մը 50-Ամեակը

ԼԵՒՈՆ  ՇԱՌՈՅԵԱՆ

50-amyag-Pilgrimage-to-Jerusalem-

50-ամեակի խորհրդանշանը:

Երուսաղէմը, անցնող շաբաթներուն թատերաբեմ դարձաւ պատմական իրադարձութիւններու:

Ֆրանչեսկոս պապին Ս. Քաղաք այցելութեան առիթով հոն ժամանեցին նաեւ բազմաթիւ եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր: Տեղի ունեցան միջեկեղեցական հանդիպումներ, արարողութիւններ:

Այս բոլոր հանդիպումներուն մէջ ամէնէն ուշագրաւն էր սրբազան քահանայապետին ողջագուրումն ու տեսակցութիւնը, կիրակի, մայիս 25-ին,  Կ. Պոլսոյ յունաց Տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմէոս սրբազանին հետ: Երկու բարձրաստիճան հոգեւորականները, մին` Կաթոլիկ եկեղեցւոյ գլուխ, միւսը` Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհրդանշական պետ, եղբայրօրէն իրարու ձեռք սեղմելով` ուզեցին յիշատակել ճիշդ 50 տարի առաջ, 1964-ին կայացած այն ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ, որ Երուսաղէմի մէջ ի մի բերած էր երկու «թշնամի» եկեղեցիներու կամ դաւանանքներու այդ օրուան պետերը` Պօղոս Զ. պապն ու Կ. Պոլսոյ յունաց Աթենակորաս պատրիարքը:

Պօղոս Զ. - Աթենակորաս պատրիարք հանդիպումը, 1964-ին:

Պօղոս Զ. – Աթենակորաս պատրիարք հանդիպումը, 1964-ին:

Ֆրանչեսկոս պապն ու Պարթոլոմէոս պատրիարքը կիրակիի իրենց հանդիպումէն ետք հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛արտայայտէին Քրիստոսի եկեղեցիին նկատմամբ իրենց նոյնանման հաւատքը եւ գոհունակութիւն կը յայտնէին կաթոլիկ եւ ուղղափառ դաւանանքներուն միջեւ կէս դարէ ի վեր շարունակուող երկխօսութեան եւ բարեկամական մթնոլորտին համար:

Շատ շատեր, որոնք եկեղեցական պատմութեան քաջածանօթ չեն, կրնան հիմա հարց տալ, թէ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ թշնամացեր էին քրիստոնեայ աշխարհի այս երկու մեծ դաւանանքները իրարու հետ, եւ թէ` ուրկէ՞ կու գան «կաթոլիկ» եւ «ուղղափառ» անուանումները, զորս յաճախակի կը գործածենք եկեղեցական գրականութեան մէջ:

Սեղմ տողերով բացատրենք.

Երբ քրիստոնէութիւնը գոյութեան կոչուեցաւ Ա. դարուն, այսօրուան նման այլազան դաւանանքներ չկային բնաւ:

Ֆրանչեսկոս պապն ու Պոլսոյ յունաց Տիեզերական Պարթոլոմէոս պատրիարքը կը ստորագրեն միացեալ հաղորդագրութիւնը, Երուսաղէմ, 25 մայիս 2014:

Ֆրանչեսկոս պապն ու Պոլսոյ յունաց Տիեզերական Պարթոլոմէոս պատրիարքը կը ստորագրեն միացեալ հաղորդագրութիւնը, Երուսաղէմ, 25 մայիս 2014:

Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ առաջին պառակտումը պատահեցաւ 451 թուին` Քաղկեդոնի Դ. Տիեզերական ժողովի ընթացքին: Քաղկեդոնը այսօրուան Պոլսոյ ասիական ափի Գատըգիւղ թաղամասն է, ուր գումարուած ժողովը խորունկ տարակարծութիւններով աւարտեցաւ, եւ եկեղեցիները բաժնեց երկու հակադիր խումբերու.

1.- Քաղկեդոնականներ (Բիւզանդական յոյն եկեղեցւոյ գլխաւորութեամբ` Արեւմուտքի կամ Եւրոպայի բովանդակ քրիստոնէութիւնը):

2.- Ոչ քաղկեդոնականներ (արեւելեան փոքր եկեղեցիներ, որոնց շարքին` Հայաստանեայց եկեղեցին):

Այս վերջինները, այնուհետեւ, բնաւ մասնակցութիւն չբերին յաջորդ դարաշրջաններուն գումարուած եւ «տիեզերական» կոչուած եկեղեցական ժողովներուն:

Մինչեւ 1054 թուական, Քաղկեդոնի դաւանանքը որդեգրած արեւմտեան եկեղեցիները, գլխաւորութեամբ Հռոմի եւ Կ. Պոլսոյ աթոռներուն, ունէին միասնական կեցուածք եւ հաշտ գործունէութիւն: Մասնաւորաբար Կ. Պոլսոյ աթոռը (որ Յոյն եկեղեցւոյ կեդրոնն էր), օգտուելով այդ շրջանի Բիւզանդական կայսրութեան ռազմա-տնտեսական հզօրութենէն եւ հելլէն մշակոյթի աշխարհատարած ազդեցութենէն, ամէն միջոցի կը դիմէր արեւելքի ոչ քաղկեդոնական փոքր եկեղեցիները իրեն հպատակեցնելու` դաւանանքով, ծէսերով ու նոյնիսկ վարչականօրէն:

Թիրախ դարձած այդ եկեղեցիներէն մին ալ Հայ. եկեղեցին էր, որ Զ. դարէն սկսեալ շարունակ կ՛ենթարկուէր հալածանքի եւ ճնշումներու:

Հայ եկեղեցին ԱՆԿԱԽ եկեղեցի մըն էր: Արեւելքի միւս փոքր եկեղեցիները եւս, որոնք 451-ի Քաղկեդոնի ժողովը մերժած էին, նմանապէս անկախ էին ու ինքնիշխան: Այս եկեղեցիները կը հաւատային, որ կրնան դիւրութեամբ կորսնցնել իրենց ազգային դիմագիծն ու ինքնիշխանութիւնը, եթէ միանան քաղկեդոնականութեան… Կը վախնային, որ կրնան «ձուլուիլ» Հռոմի կամ Կ. Պոլսոյ նման մեծ եկեղեցիներու քուրային մէջ, եթէ ընդունին անոնց դաւանանքը… Հետեւաբար Արեւմուտքի քաղկեդոնական եկեղեցիներուն հակադրուելու գնով անոնք նախընտրեցին մեկուսանալ…

Այսպիսով ալ կազմուած եղաւ ՀԱՅ, ԱՍՈՐԻ, ՂՊՏԻ եւ ՀՆԴԻԿ (մալաբար) եկեղեցիներէն բաղկացած եկեղեցական ընտանիք մը, որ մինչեւ այսօր ծանօթ է «ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՈՉ ՔԱՂԿԵԴՈՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ» անուանումով: Այս դաւանակից եկեղեցիները (որոնց միացաւ նաեւ ԵԹՈՎՊԻՈՅ եկեղեցին) կը կազմեն իւրայատուկ առանձին ճակատ մը: Այս ճակատին բաղկացուցիչ մասն է ուրեմն Հայց. Առաք. եկեղեցին:

Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ 1054-ին:

Պատահեցաւ «Մեծ խզումը»` ընդմէջ քաղկեդոնական եկեղեցւոյ 2 գլուխներուն: Երբեմնի դաշնակիցները` Վատիկան եւ Կ. Պոլիս, թշնամացան իրարու, չհանդուրժեցին զիրար ու բաժնուեցան: Ճի՛շդ այսօրուան քաղաքական կեանքի մէջ տեսնուող պառակտումներուն կամ երկփեղկումներուն նման:

Հռոմէադաւան եկեղեցին ինքզինք կոչեց ԿԱԹՈԼԻԿ (այսինքն` ընդհանրական, տիեզերական, բոլորին պատկանող…), իսկ Կ. Պոլսոյ եկեղեցին եւ անոր հետեւորդները իրենք զիրենք անուանեցին ՕՐԹՈՏՈՔՍ (այսինքն` ուղղափառ, ուղիղ հաւատքի հետեւորդ…):

Ահա ա՛յսպէս յառաջացան «կաթոլիկ» եւ «օրթոտոքս» երկու անուանումները, որոնք լայնօրէն կը գործածուին առ այսօր, եւ որոնցմով կը բնորոշուին քրիստոնէութեան քանի մը հիմնական դաւանանքներէն գլխաւորները:

Իրենց որդեգրած նոր անուանումներով` «կաթոլիկ»-ներն ու «օրթոտոքս»-ները ա՛լ զիրար չէին բարեւեր, զիրար «հերետիկոս» (աղանդաւոր) կ՛անուանէին… Կողմերէն իւրաքանչիւրը կ՛աշխատէր իր ազդեցութեան գօտին ընդլայնել աշխարհի տարբեր անկիւններուն վրայ:

ԺԲ. դարէն սկսեալ կաթոլիկներուն ազդեցութիւնը հետզհետէ ուժեղացաւ (մանաւանդ` խաչակրաց արշաւանքներուն շնորհիւ), մինչ Յոյն օրթոտոքս եկեղեցին տակաւ առ տակաւ կը նահանջէր, քանի որ սկսեր էր տկարանալ Բիւզանդական կայսրութիւնը…

1453-ին փուլ եկաւ Բիւզանդիոնը` Օսմանի թոռներուն կրունկներուն տակ: Յունաց պատրիարքական աթոռն ալ կորսնցուց իր երբեմնի ուժը:

Բայց կաթոլիկ-օրթոտոքս հակադրութիւնը շարունակուեցաւ դեռ երկա՜ր դարեր:

Մինչեւ որ 1964-ին պատահեցաւ այն, ինչ որ բաղձանքն էր քրիստոնեայ աշխարհին. Երուսաղէմի մէջ ողջագուրուեցան ՊՕՂՈՍ Զ. պապն ու Կ. Պոլսոյ յունաց Տիեզերական ԱԹԵՆԱԿՈՐԱՍ պատրիարքը` վերջ տալով շուրջ 1000 տարուան ոխին ու թշնամութեան:

Այս օրերուն, Երուսաղէմի քրիստոսակոխ հողերուն վրայ ի մի գալով, Ֆրանչեսկոս պապն ու Պարթոլոմէոս պատրիարքը լուսարձակ բացած եղան 50-ամեակի մը վրայ, որ իսկապէս պատմական անկիւնադարձ մը հանդիսացած էր ընդհանրական եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ:

Հալէպ   

 

Share this Article
CATEGORIES