«Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր» Եւ «Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր» Հատորներու Ներկայացման Ձեռնարկին Կարօ Յովհաննէսեանի Արտասանած Խօսքը
ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
«Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր» եւ «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր» հատորները, որոնց ներկայացումը կը կատարենք այսօր, իրենց մէջ կը համախմբեն վաստակաւոր բանասէր, բանահաւաք, մամուլի եւ գիրքի մատենագէտ, պատմաբան, մանկավարժ, խմբագիր եւ հրատարակիչ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գիրքի եւ մամուլի վերաբերող ուսումնասիրութիւններուն, յօդուածներուն եւ գրախօսականներուն ստուար մասը:
Հատորները բաղկացնող գրութիւններէն ոմանք լոյս տեսած են մեր պարբերական մամուլին մէջ: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան սովորութիւն ունէր այդ գրութիւնները լոյս ընծայել նաեւ իբրեւ առանձնատիպ: Կարգ մը գրութիւններ հրատարակուած են առանձին գրքոյկներով: Անտիպ է միայն մէկ ընդարձակ ուսումնասիրութիւն, որ կը վերաբերի Վասպուրականի դաշնակցական մամուլին:
«Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր» հատորը կը բովանդակէ 9 գրութիւն, իսկ «Հայ մամուլի մատենագիտական գործերը»` 17: Իւրաքանչիւր գրութեան կ՛ընկերակցի անոր լոյս ընծայման թուականը, վայրը: Գրութիւնները ընդհանրապէս պահպանուած են իրենց սկզբնական ձեւով. կատարուած են աննշան փոփոխութիւններ` տարբեր ժամանակներու ընթացքին հրատարակուած գրութիւններուն միջեւ միօրինակութիւն հաստատելու նպատակով:
Արտաշէսը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին եւ առաջին գործէն մինչեւ վերջինը գրեց ու խօսեցաւ հայ մշակութային գանձերու պահպանման, մամուլի եւ գիրքի մատենագիտութեան, հնատիպ գիրքի, ինչպէս նաեւ հայկական աւանդութիւններու պահպանման մասին:
Իր բանասիրական-մատենագիտական եւ առհասարակ բոլոր աշխատութիւններուն մէջ Արտաշէսը կը ցուցաբերէր գիտական մօտեցում: Կը յարգէր ամէն աշխատանք, որ կը գտնուէր առարկայական հիմքի վրայ: Անբարեխիղճ եւ չարամիտ չեղաւ ան երբեք, ոչ ալ յետին նպատակներ հետապնդեց իր բանասիրական աշխատանքներուն մէջ: Եղաւ չափաւորական եւ իր ուրոյն տեսակէտը ունեցող: Իրողութիւններուն, ճշմարտութեանց եւ ճշգրտութեան դէմ չմեղանչեց ան, կողմնակալ դատումներ չկատարեց եւ տուրք չտուաւ «խնամիական» կապերու: «Դատումներ կան,- կը հաստատէր ան իրաւամբ,- որոնք դատուողէն աւելի դատողը կը վարկաբեկեն, կամ դատողին իմացական կարողութեան չափանիշը կը ցուցաբերեն»:
Արտաշէսին կեանքի պայմանները, հեւքը, ուսուցչական ասպարէզը, խմբագրական աշխատանքները, զանազան յայտագիրներու պատրաստութիւնը, ընտանեկան պարտաւորութիւնները թոյլ չտուին իրեն, որ ամբողջական բանասէրի ձեւով աշխատանք տանի մեր իրականութեան մէջ: Անոր ամբողջ երազն էր ձերբազատիլ քովնտի զբաղումներէ եւ նուիրուիլ միայն ուսումնասիրական աշխատանքի, որ իր էութիւնն իսկ էր: Այդպիսի առաջարկ ներկայացուցած էր արդէն մեր կեանքը ղեկավարող մարդոցմէ ոմանց, եւ դժբախտաբար մնացած էր անպատասխան: Ահա թէ ինչո՛ւ, այն, ինչ որ արտադրեց Արտաշէսը, եղաւ ընդմիջումներով եւ հոգելլկուած տրամադրութիւններով, բայց` միշտ հաւատքով կենսայորդ: Տառապանքով ծնած անոր գրեթէ բոլոր աշխատասիրութիւնները, որոնք հերոսական սխրագործութիւն ըլլալու բոլոր տուեալները ունին իրենց մէջ:
***
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի աշխարհը հայ գիրքին չափ եւ հայ գիրքէն աւելի հայ մամուլն էր, անոր մատենագիտական զանազան հարցերը: Մամուլի հանդէպ Արտաշէսին ունեցած հետաքրքրութիւնը սկսած է պատանեկան տարիքէն եւ շարունակուած է մինչեւ իր կեանքի աւարտը: Մամուլը կարմիր թելի պէս կ՛անցնի Արտաշէսին բոլոր գործերուն ընդմէջէն: Ուսուցչութիւն ըրած ատեն կամ որեւէ նիւթի մասին դասախօսութիւն տուած միջոցին, խմբագրական աշխատանքի պահուն կամ զրոյց մը վարելու ընթացքին, առօրեայ խօսակցութիւններու մէջ առիթ չէր փախցներ ան մամուլի զանազան հարցերու մասին արտայայտուելու եւ իր մտածումները փոխանցելու: Չափազանցութիւն ըրած չենք ըլլար, երբ հաստատենք, որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան անձնաւորումն էր հայ մամուլի:
Արտաշէսին համար մամուլը կը հանդիսանայ հայութեան հոգին եւ միտքը ձեւաւորող եւ առաջնորդող գլխաւոր ազդակներէն մէկը: Հայ լրագրութիւնը այն թանգարանն է, կը հաստատէր ան, ուր կը քնանան մեր գրողներու ստուար մասին գրութիւնները: «Մամուլը ինք առանձին երեւոյթ չէ, այլ հայելին է, մանաւանդ մեզի պէս ժողովուրդի մը պարագային, իրեն ծնունդ տուող հաւաքականութեան», պիտի ըսէր ինք: Աւելի՛ն. գաղութներու պատմութեան հանքն է մամուլը, որ տակաւին կը մնայ իբրեւ չպեղուած գանձ մը:
«Հայ մամուլին կոչումը» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան կը բանաձեւէր իր մտածումները մամլոյ դերակատարութեան եւ կոչումին մասին: Ան կը յայտնէր, թէ մամուլը կը նպատակադրէ «պատրաստել մարդը, էապէս եսասէր եւ եսապաշտ մարդը դարձնել ընկերասէր, այլասէր, ընկերութեան սպասարկու անհատ: […]
Իր այս նպատակով` մամուլը կը կանգնի նոյն մակարդակին վրայ կամ կը միանայ եկեղեցիին եւ դպրոցին, որոնցմէ աւելի ուշ ծնունդ առած է, սակայն իր ազդեցութեան կարգով կրնայ չզիջիլ անոնց»: Մէկ խօսքով, իր ողջ էութեամբ Արտաշէսը կը հաւատար մամուլի դերակատարութեան` մեր կեանքը յեղաշրջելու իմաստով: Գահընկէց սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. կը յայտնէր ատենին. «Եթէ Եըլտըզ վերադառնամ, պիտի բանտարկեմ թերթերու բոլոր խմբագիրները»:
Ֆրանսացի մեծ զօրավար Նափոլէոն Պոնափարթ կը հաստատէր. «Ես աւելի մեծ վախ կը զգամ երեք թերթերէ, քան` հարիւր հազարնոց բանակէ մը»:
Մեր մէջ եղած են ու կը գտնուին բազմաթիւ անհատներ, որ ունեցած են ճոխ գրադարան, հազարներով գիրք ու թերթ: Այդպիսի հաւաքածոյ ունեցողներէն ոմանք (երբեմն շատեր) այդ գանձերը ունեցած ըլլալու հաճոյքը ապրած են պարզապէս, կ՛ապրին, եւ ընդհանրապէս իբրեւ զարդ պահած են զանոնք իրենց տուներուն եւ սալոններուն մէջ: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան հաւաքած է տասնեակ հազարաւոր գիրք եւ պարբերական մամուլ, աւելի շատ պարբերական մամուլ, քան` գիրք: Այս առումով, հաւանաբար զինք գերազանցող չէ եղած մեր մէջ իբրեւ անհատ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Կորուստէ փրկած է հայ պարբերական մամուլի նմուշներ, որոնք աշխարհի մէջ փրկուած միակ օրինակներն են: Այս շարքին կը դասուի Անդրանիկ Եօանեսքուի «Յոյս» լատինատառ հայերէնով թերթին առաջին տարուան առաջին թիւը (4 յունուար 1889 թուակիր): Իսկ այս թերթէն գոյութիւն ունի միայն Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանին մէջ, այն ալ` վեցերորդ թիւէն սկսեալ:
Այլ օրինակ. 1890-1896 Պոլսոյ մէջ կը հրատարակուէր «Հայրենիք» օրաթերթը Արփիար Արփիարեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի խմբագրութեամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մատենադարանին մէջ կայ «Հայրենիք»-ներու մէկ մասը, Հայկազեան համալսարանին մէջ կայ այլ մաս մը, եւ եթէ երկուքը միացնենք իրարու, տակաւին չենք ունենար ամբողջական հաւաքածոյ մը: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան յաջողած էր Պոլիսէն փոխադրել «Հայրենիք» օրաթերթի հինգ ամբողջական շարք:
Տերվիշ էր Արտաշէսը. երբեք կարեւորութիւն չէր տար արտաքինին, ցուցական տրամադրութիւններուն: Տերվիշ էր իր կենցաղով եւ ապրելակերպով: Իրեն համար գիրքերուն եւ թերթերուն բովանդակութիւնն էր կարեւորը: Ան պրպտած, կարդացած եւ ուսումնասիրած էր անոնց մէջ տեղ գտած յօդուածները եւ անոնց բանաւոր թէ գրաւոր քարոզչութիւնը կատարած էր յօդուածներով, ուսումնասիրութիւններով եւ ցուցահանդէսներով: Արդարեւ, 1963-էն սկսեալ եւ մինչեւ իր անժամանակ մահը (1993), մահուան վերջին շաբաթը, կազմակերպած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ` այլազան գաղութներու մէջ: Տուած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ: Ու պէտք է պատկերացնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հազարներով թերթ ու հնատիպ փոխադրել երկրէ երկիր` Լիբանանի ամէնէն անապահով օրերուն, երբ օդակայան չկար եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւնը այսօրուան պատկերը չէր ներկայացներ: Պէտք է աչքի առջեւ բերել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ փոխադրել արխիւային նիւթեր, մակագրուած գիրքեր, տպուած եւ անտիպ գիրքերու բնագիրներ, անտիպ լուսանկարներ, քարտէսներ, հին ձեռագրեր, հրաւիրատոմսեր: Ասիկա հերոսական աշխատանքէ աւելի բան մըն է արդարեւ: Որքա՜ն մտահոգ էր իր հարուստ հաւաքածոյին ճակատագրով: Եւ ասիկա անկարելի բան չէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին առթած անապահովութեան պատճառով: Մեր յիշողութեան մէջ անջնջելի տեղ ունին քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին կատարուած գողութիւնները, հրդեհները, ռումբերու եւ հրթիռներու պատճառած նիւթական ծանր վնասները: Տանք մէկ օրինակ միայն: Մեր ազգայիններէն Վահէ Սէթեանը թերթերու եւ նկարներու սքանչելի հաւաքածոներ ունէր Պէյրութի խորհրդարանի պողոտայի իր գրասենեակին մէջ. անոնց կարգին կար նաեւ Տիրան Չրաքեանի մէկ հազուագիւտ գծանկարը: Բոլորն ալ օր ցերեկով թալանուեցան անոնց արժէքը չգիտցող աւազակներու կողմէ: Արտաշէսը տեղեակ էր այդ բոլորէն: Որքա՜ն մտահոգութիւն պատճառեց իրեն իր մամուլի հաւաքածոներուն ու հնատիպ գիրքերու փոխադրութիւնը արեւմտեան Պէյրութէն արեւելեան Պէյրութ, ուր տեղաւորեց զանոնք Պուրճ Համուտի սիրտին մէջ երկու վարձու սենեակներու մէջ:
Արտաշէսը իր կեանքի ժամանակին մէկ մասը յատկացուց գիրք ու թերթ, ինչպէս նաեւ թուղթի վրայ արձանագրուած մշակութային թողօն հաւաքելու սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներէն: Մամլոյ մեծագոյն հաւաքածոն ունեցողն էր ինք հաւանաբար արտերկրի մէջ` անհատական գետի վրայ: Ասոր առընթեր, եղաւ անյագ ընթերցող մը այդ բոլորէն: Մտաւորականներ, թերթերու խմբագիրներ, ուսուցիչներ եւ ուսանողներ յաճախ կը դիմէին իրեն` իրենց ուսումնասիրելիք աշխատանքի մասին աղբիւր ուզելու: Արտաշէսը զարմանալի յիշողութեամբ կու տար թերթին անունը, թուականը, յօդուածագրին անունը եւ յօդուածին խորագիրը:
Մամլոյ սեփական ճոխ հաւաքածոյ մը ունենալու առաւելութիւնը առիթ ընծայեց իրեն կատարելու բազում ուսումնասիրութիւններ մեր մամուլի պատմութենէն: Յովհաննէս Պետրոսեանի «Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա» ստուար աշխատասիրութեան գիտական-քննական գրախօսականը առանձինն կրնայ արժեցնել Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը իբրեւ մամուլի մասնագէտ: Ասոր վրայ կրնան աւելնալ լիբանանահայ եւ սուրիահայ մամուլի պատմութիւնը, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան մամուլի մատենագիտութիւնը եւ այլ աշխատասիրութիւններ, որոնք անկասկած մնայուն արժէքներ պիտի մնան մեր մամուլի պատմութեան մէջ: Ի զուր չէ, որ ոմանք կոչած են զինք «Հայ մամուլի շրջուն դեսպան», իսկ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան եւ ուրիշներ զինք կոչած են «Հայ մամուլի պատմութեան աշխարհակալ»: Այս անուանարկումները չափազանցութիւններ չեն երբեք. անոնց խորքը գտնուող իրականութիւնը պիտի անմահացնէ անոր անունը մեր մամուլի եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ:
Իր ինքնակենսագրականին եւ այլ ուսումնասիրութիւններու մէջ Արտաշէս Տէր Խաչատուեան, այլ բաներու կարգին, կը յայտնէ, թէ 1990-ին պատրաստած է 100 էջնոց ուսումնասիրութիւն մը` «Վասպուրականի ՀՅԴ մամուլը 1905-1915» խորագրեալ, զոր «ուղարկած է մրցանքի»: Ան չի յիշատակեր մրցանքի հասցէն: Հակառակ մեր փնտռտուքին` կարելի չեղաւ ստուգել հասցէն:
Այս գործը մինչեւ մեր այս հատորի խմբագրումը կը մնար անտիպ: Անկէ մաս մը` «Նոր սերունդ»` լոյս տեսած է 1992-ի «Ազդակ»-ի նոր տարուան բացառիկին մէջ, էջ 40-46:
Ա. Տէր Խաչատուրեանի արխիւներէն կարելի եղաւ գտնել վերոյիշեալ աշխատասիրութեան խառնիխուռն սեւագրութիւնը, որմէ կը պակսէին որոշ թիւով էջեր: Մաքուր վիճակի մէջ էին բովանդակութեան էջը եւ օգտագործուած աղբիւրներուն ցանկը: Այս բոլորը, ինչպէս նաեւ «Ազդակ բացառիկ»-ի վերոյիշեալ գրութիւնը հիմք ծառայեցին մեզի վերականգնելու ուսումնասիրութիւնը` կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Յաջողեցանք թէ ոչ` ատիկա կը ձգենք մամլոյ մասնագէտներու դատողութեան:
Արտաշէսին ամբողջ երազն էր պատրաստել հայ մամլոյ ամբողջական մատենագիտութիւնը: Ոմանք կրնան ցնորական նկատել այս ծրագիրը: Վստահ ենք, որ Արտաշէսը կրնար գլուխ հանել այս աշխատանքը, եթէ ունենար համապատասխան հովանաւորութիւն, եւ եթէ չըլլար անոր կանխահաս մահը:
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի առիթով, հարցը կը դրուի գիտական ցուցակագրումի ենթարկել հայ մամուլը, ինչպէս նաեւ օգտագործել արդի արհեստագիտութեան ընծայած բոլոր հնարաւորութիւնները` իրերօգնութեան սկզբունքին հիման վրայ: Օրինակ, Պոլսոյ «Արեւելք» օրաթերթը, որ գլխաւոր դեր կատարեց 1880-ական թուականներուն արեւմտահայ գրականութեան եւ լեզուի զարգացման մէջ, ոչ մէկ ազգային կամ անհատական գրադարանի մէջ ամբողջական է, տեղեակ չեմ Պոլիսէն: Արդի արհեստագիտութիւնը աւելի դիւրին, աւելի գործնական եւ աւելի նուազ ծախսով կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ ամբողջական հաւաքածոյ ունենալու «Արեւելք» օրաթերթին, եթէ իրերօգնութեան բարի տրամադրութիւններ ըլլան գրադարաններու պատասխանատուներուն մօտ: Նոյնը` բոլոր թերթերու պարագային:
Արտաշէսը կանուխ մեկնեցաւ այս աշխարհէն` գրեթէ անփոխարինելի ըլլալու տրամադրութիւն մը ձգելով իր ետին: Վստահաբար շատ դժուար պիտի ըլլայ գոցել իր ձգած բացը, յատկապէս` մամլոյ պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ:
Վերջապէս,
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի այս հատորներու հրատարակութիւնը անկարելի պիտի ըլլար, եթէ չըլլային անոր զաւակներուն երախտագիտական զգացումները իրենց հօրը նկատմամբ: Արդարեւ, անոնք անձնապէս, հեռաձայնով, համակարգիչով յամառօրէն եւ կրնկակոխ հետապնդեցին գլուխ հանելու այս գործը:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

