Պարոն Արտաշէսը (Փոխան Իր Հեղինակած Հատորներու Գրախօսականի)

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Կանուխ բաժնուեցաւ մեզմէ, չհաւատացինք իր հեռանալուն, կարծեցինք, թէ մեզի հետ կ՛ապրի տակաւին, ոչինչ ըսինք, ոչինչ գրեցինք իր մասին: Տարիները անցան, մեր կեանքին տաղտուկները բազմացան, յիշատակներ յարգելու օրերը յետաձգուեցան, բայց պարոն Արտաշէսը բնաւ չմոռցանք:

Օրուան ժամերէն բաժին մը կը յատկացնէր «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ աշխատանք կատարելու: Գրադարանին պատասխանատուն էր, գիրքերու դասաւորումով կը զբաղէր, կորսուած գիրքեր կը փնտռէր, բացակայ գիրքերը կը բարկացնէին զինք, կարծես ըլլային դասերէն խոյս տուած բացակայ աշակերտ, կը փնտռէր իր տեղէն ելած գիրքը, կը հետապնդէր, մինչեւ որ գտնէր հասցէն գրադարանէն դուրս ելած գիրքին:

Ուսուցիչ էր ասպարէզով: Դպրոցական պահերէն ետք ունէր տարբեր «դասացուցակ» մը. «Տօնիկեան» գրատունը կը գտնէինք զինք, երբ կարեւոր թուական մը, տարեդարձի նշում մը ունենայինք, մեր մոռցած թուականը կը յիշէր:

Բառարանի պատրաստութեան աշխատանք կը տանէր, մոռցուած բառեր կը տեղաւորէր նոր էջերուն վրայ, հայոց լեզուին պահպանման խնամատար` կը պահանջէր արեւմտահայերէնի ճիշդ գործածումը:

– Եղբա՛յր, պսակուող զոյգին խաչ բռնողը կնքահայր չի կրնար ըլլալ: Եղած արարողութիւնը կնունք-մկրտութիւն չէ, պսակ է, ըսէք` խաչեղբայր:

Իր այս թելադրանքը ժամանակ մը օգտագործեցինք, երբեմն մոռցուեցաւ, ինք ներկայ չէր կրկին յիշեցնելու. այսուհանդերձ, բոլորովին չենք մոռցած զինք, պարբերաբար կը գրենք` խաչեղբայր:

Մեր հարիւրամեայ մամուլին պատմութեան քաջատեղեակ, մամուլի խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն անուան ծանօթ, կը դիմէինք իրեն ճշգրիտ տեղեկութիւններ քաղելու. անմիջապէս կը պատասխանէր եւ կը բանայինք իր պատուիրած օրաթերթին կամ պարբերականին էջը, կը գտնէինք մեր փնտռած նիւթը:

Համայնագիտարանն էր մեր մօտաւոր անցեալի մամուլին, գիրքերուն եւ` ազգային դէմքերու մահուան կամ ծննդեան թուականները յիշեցնող:

Յիշենք օրինակ մը.

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերէն մէկը կը կոչուի «Ջաւօ Շանթ», կինը` Լեւոն Շանթի: Ուզեցինք ունենալ ազնուական այս հայուհիին կենսագրական գիծերը, լուսանկարը, որպէսզի ծանօթացնէինք «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի անդամուհիներուն, հանդիպումի մը ընթացքին: Պարտականութիւն ստանձնած էի, բայց` անորոշութեան մատնուած: Դիմեցի Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին` յուսալով, որ տեղեկութիւն մը կու տայ ինծի:

– Պարո՛ն Արտաշէս, Ջաւօ Շանթին մասին կենսագրական տեղեկութիւն մը կը փնտռենք, զինք ծանօթացնելու հանդիպում մը պիտի ունենանք իր անուան նուիրուած մասնաճիւղի անդամուհիներուն համար:

– Պարո՛ն Արտաշէս, Ջաւօ Շանթին մասին գրութիւն մը կը փնտռեմ, ո՞ւր կրնամ գտնել, կը կարծեմ, որ իր մասին քիչ տեղեկութիւններ եղած են:

Պարոն Արտաշէսին պատասխանը եղաւ անմիջական: Ոտքի ելաւ, մօտեցաւ «Ազդակ»-ի հաւաքածոներուն բաժինին, դուրս բերաւ 40 տարուան հնութիւն ունեցող մէկ հաւաքածոն, բացաւ էջ մը եւ ըսաւ.

– Ահա՛, հոս կայ շատ լաւ գրութիւն մը Ջաւօ Շանթին մասին: Ամբողջական կենսագրութիւն եւ յաւելեալ ծանօթագրութիւն: Նկարն ալ հոս է. կը տեսնե՞ս` ինչպիսի գեղեցիկ կին է, դէմքին յայտնի է իր համեստ եւ ազնուական տիպար մը ըլլալը: Պոլիս թէ այլ վայրերու մէջ մեծ գործունէութիւն ունեցած է` հայ օրիորդները եւ երիտասարդուհիները դաստիարակելու, կազմած է կնոջական յանձնախումբ, Եղեռնի տարիներուն եւ անկէ ետք: Այս նկարը կրնաք պատճէնահանել եւ նոր ձեւաւորումով կախել իր անունը կրող մասնաճիւղի կեդրոնի պատէն:

Ուրախութիւնս անսահման էր: Կարծես գանձ մը գտած էի: Կատարեցինք պարոն Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին խրատը: Նկարը մեծցուցինք եւ դրինք իր արժանի տեղը:

Դրուագ մըն էր այս` իր ունեցած մեծ սէրը եւ յանձնառութիւնը վերյիշելու: Ահագին աշխատանք կը տանէր պատրաստելու համար հայ մամուլի ցուցահանդէս: Կը յիշեմ անոնցմէ երկուքը. մէկը մայրաքաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճի հանդիսասրահին մէջ, երկրորդը` Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ: Այս վերջինը` Լիբանանի պատերազմական օրերուն: Կ՛ուրախանար, երբ տեսնէր, թէ ցուցահանդէսը դիտողներ եկած են: Կը շնորհաւորէինք իր կատարած օգտաշատ գործունէութիւնը: Կը տեսնէինք հին թերթեր, պարբերաթերթեր, անունը չլսուած (մեզի համար) օրաթերթեր, ոմանք` հազիւ քանի մը թիւ լոյս տեսած:

Լիբանանի պատերազմը մեծ դժուարութիւն ստեղծեց պարոն Արտաշէսին հազարաւոր գիրքերը պահպանելու համար: Բացի իր տան մէջ ունեցած գիրքերէն, գրադարաններ լեցնող հատորներ ունէր Հայ աւետ. քոլեճին մէջ եւ այլ տեղ:

Շփոթի մատնուած էր` զանոնք փոխադրելու ապահով տեղ մը: Երկարատեւ փնտռտուքէ ետք, վերջապէս գտաւ գետնայարկ երեք սենեակներէ բաղկացած դատարկ տուն մը Պուրճ Համուտի մէջ, Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան քոլեճին կից: Սիրտը հանգստացած էր, յուսալով, որ Պուրճ Համուտ կը մնայ ապահով:

Պարոն Արտաշէս մտահոգուած էր նաեւ Լիբանանէն հեռացող ընտանիքներու գիրքերով: Ան կը տեսնէր մայթերու վրայ թափուած հայերէն եւ օտար լեզուով գիրքեր: Կը հաւաքէր, կը պահէր իր նոր գտած տան մէջ: Անգամ մըն ալ տեսած էր բեռնակառք մը, մայրաքաղաքի մէկ փողոցէն անցնող, որուն «շալակին» բեռցուած էին բազմաթիւ հայերէն գիրքեր: Այս մասին ինք պատմեց ինծի.

– Տեսայ բեռնակառքը, վազեցի ետեւէն, վարորդէն խնդրեցի, որ պահ մը կենայ, գիրքերը առնեմ, թոյլ չտուաւ: Հիանալի հատորներ էին: Գոնէ լուր տային ինծի այդ թափողները:

***

Տարիներ աշխատեցաւ գրելու համար «Հայ գիրքի մատենագիտութիւնը» եւ «Հայ մամուլի մատենագիտութիւն»-ը լոյս ընծայելու համար: Քանի մը գիրքեր լոյս ընծայեց այս կապակցութեամբ, բայց` ոչ ամբողջական: Ի վերջոյ այս կարեւոր հրատարակութիւնը յանձն առին իր զաւակները, եւ երկու պատկառելի հատորներ լոյս տեսան 2014-ին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն, պատրաստութեամբ եւ խմբագրութեամբ Կարօ Յովհաննէսեանի: Այս հատորներուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, որուն անդրադարձաւ «Ազդակ» 2014 մարտ 7-ի համարով:

Յիշենք, որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գրադարանին հարիւրաւոր գիրքերը կը գտնուին Լոնտոնի պետական հովանաւորութիւն վայելող յատուկ մէկ մատենադարանին մէջ, այլալեզու գրականութիւններու յատուկ:

Պր. Արտաշէս մեկնեցաւ այս աշխարհէն` հազիւ 63 տարեկանին: Մեր այս յիշատակի գրութիւնը կը նկատենք հոգիի պարտք մը, իր անմոռանալի յիշատակին:

Կը յուսանք, որ իր պատրաստած մատենագիտական այս հատորները իբրեւ աղբիւր կը ծառայեն ապագայի մեր պատմագիրներուն, հայ գրականութիւնը ուսումնասիրողներուն, մեր նոր սերունդի շնորհալի զաւակներուն:

 

8 ապրիլ 2014

Share this Article
CATEGORIES