ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Կոչը` Ի Տես Նոր Գիւղի Վրայ Կատարուած Հակահայ Յարձակումներուն


ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը – երէկ եւ այսօր
Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Հալէպի եւ յատկապէս հայաբնակ Նոր Գիւղ շրջանի օր ըստ օրէ սաստկացող ու անմարդկային տարողութեան հասած ահաբեկող ռմբահարումները: Քեսապի հայաթափումին յաջորդած այս ակներեւօրէն հակահայ գործողութիւններուն պատճառով, արձանագրուած են մարդկային զոհեր, քանդուած կամ լուրջ վնասներ կրած են Նոր Գիւղի հայկական կառոյցները` վարժարաններ, առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիները, միութենական կալուածներ, գործատեղիներ ու բնակարաններ: Մեծ թիւով ընտանիքներ դարձած են տնազուրկ: Կրկին անգամ վնասուած է ՍՕԽ-ի ազգային պատսպարանի շէնքը, ինչպէս նաեւ շրջանի բնակչութեան առողջապահական ծառայութիւն մատուցող միակ դարմանատունը` Սուրիահայ օգնութեան խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը:
Հայ օգնութեան միութիւնը թիկունք կը կանգնի Նոր Գիւղի մեր աղէտեալ հայրենակիցներուն` ակնկալելով համահայկական աջակցութիւն, ներառեալ` հայրենի եւ սփիւռքեան քաղաքական ու դիւանագիտական մեր բոլոր ուժերէն:
Կոչ կ՛ուղղենք Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, միջազգային քաղաքական թէ ոչ կառավարական մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալող բոլո՛ր կողմերուն` անմիջապէս անհրաժեշտ քայլերը առնելու` վերջ դնելու համար թրքական մտայղացումով ու թելադրանքով կատարուած հակահայ ու անմարդկային յարձակումներուն:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
5 յունիս, 2014
Պոսթըն

