Ֆրանչիսկոս Պապը Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Առանձին Հանդիպում Մը Ունեցան
Հինգշաբթի, 5 յունիս 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Հանդիպման ընթացքին վեհափառը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն. Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մտահոգութիւնները, ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի եւ Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը, կաթողիկէ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան ներկայ հանգրուանը եւ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրամայականը:
Պապը լայն հասկացողութիւն ցուցաբերեց յիշեալ հարցերուն նկատմամբ, բաժնեց վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները եւ պարզեց իր տեսակէտները:
Նոյն հարցերուն վերաբերեալ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ պետական քարտուղար կարտինալ Փարոլինին հետ: Փարոլին կարտինալը վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւնները բաժնելով, յատկապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ներկայ կացութեան գծով, ըսաւ, որ այս հարցը կը մնայ Վատիկանի գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը: Կարտինալը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ անոր արդար պահանջատիրութեան:
Ապա, վեհափառ հայրապետը հանդիպեցաւ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Սանտրիին: Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ միջեկեղեցական գործակցութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ:
Վերջապէս վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ առաջնորդ սրբազաններուն, յաջորդաբար այցելեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները եւ սիրալիր հանդիպումներ ունեցաւ դեսպան զօր. Ժորժ Խուրիի եւ դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հետ:

