«Ապպաս Պէտք Է Իր Իշխանութեան Տակ Առնէ Կազան Եւ Համասը Զինաթափէ» Կ՛ըսէ Եաալոն
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս պէտք է իր իշխանութեան տակ առնէ Կազան եւ զինաթափէ Համաս շարժումը` եթէ իսկապէս վերջինիս հետ հաշտուած է, այլապէս` հաշտութիւնը պարզապէս հասարակական կարծիքը ապակողմնորոշել կը նշանակէ:
«Պաղեստինեան ղեկավարութիւնը որ չափաւորական կը նկատուի, պատրաստ չէ ճանչնալ իբրեւ հրեայ ժողովուրդին ազգային պետութիւնը գոյութիւն ունենալու Իսրայէլի իրաւունքը», ըսաւ Եաալոն:
CATEGORIES Միջազգային

