Դանիացիները Ստեղծած Են Ստորգետնեայ Սառնարան` Գարեջուրը Միշտ Թարմ Պահելու Համար

0606BeerԴանիացի մասնագէտներ ստեղծած են նորարարական ստորգետնեայ սառնարան մը, որ կարելի է թաղել պարտէզին մէջ եւ մշտապէս թարմ գարեջուր ունենալ:

Բրիտանական «Տը Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «իՔուլ» սառնարանը միաժամանակ գարեջուրի 24 շիշ կրնայ տեղաւորել: Անիկա ունի 113 սանթիմեթր բարձրութիւն, 22-30 սանթիմեթր տրամագիծ եւ կը կշռէ 12 քիլոկրամ:

«իՔուլ»-ը կարելի է հողին մէջ պահել ամբողջ տարին` վստահ ըլլալով, որ խմիչքը պիտի չփճանայ: Սառնարանը գետնին տակ կ՛իջնէ եւ այնտեղէն կը բարձրացուի յատուկ բռնակի մը միջոցով:

Share this Article
CATEGORIES