Ֆրանչիսկոս Պապը Պաշտպանած Է Գնչուները Եւ Կոչ Ուղղած Դադրեցնելու Անոնց Նկատմամբ Թշնամանքը

Ֆրանչիսկոս պապը

Ֆրանչիսկոս պապը

Ֆրանչիսկոս պապը` դիմելով իտալացիներուն, կոչ ուղղած է թշնամանքով ու կասկածամտութեամբ չվերաբերելու, այլ փոխարէնը օգնելու այն մարդոց, որոնք հասարակութեան «լուսանցքներէն» միւս կողմ կը գտնուին:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ «լուսանցքներէն» միւս կողմ գտնուողներ ըսելով պապը նկատի ունեցած է գնչուները, որոնց նկատմամբ մարդիկ նախապաշարումներ ունին:

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ղեկավարը նաեւ նշած է, որ գնչուներուն նկատմամբ կանխակալ վերաբերմունքի պատճառով, այդ մարդիկ հազուադէպ կերպով կը ներառուին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն մէջ:

«Ես կրնամ բազմաթիւ դէպքեր յիշել, երբ այստեղ` Հռոմի մէջ, փոխադրակառք նստած եմ եւ ինծի հետ նստած են նաեւ գնչուներ: Զանոնք տեսնելով` վարորդը բարձրաձայն ըսած է` ձեր աչքերը ձեր դրամապանակներուն վրայ պահեցէք: Ասիկա չափազանց ցաւալի երեւոյթ է», ըսած է պապը:

Պապը յայտնած է, որ գնչուները հասարակութեան ամէնէն քիչ պաշտպանուած շերտերէն են, որոնք ընկերային անարդար պայմաններու պատճառով շատ յաճախ կը յայտնուին շահագործման, ստիպողաբար մուրացկանութիւն կատարելու եւ բռնութեան այլ տեսակներու թակարդին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES