Իրանի Մէջ Շոգեկառքերու Բախման Պատճառով Զոհեր Արձանագրուած Են

0606IranLenta.ru կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւսիսը 5 յունիսին ճամբորդատար շոգեկառք մը բախած է բեռնատար շոգեկառքի մը, որուն պատճառով առնուազն 10 զոհ արձանագրուած է եւ տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուած են:

Արկածը տեղի ունեցած է Տակման կայարանին մէջ` տեղական ժամանակացոյցով ժամը շուրջ 23:00-ին: Մեշհետ քաղաքէն Թեհրան մեկնող ճամբորդատար շոգեկառքին մէջ գտնուած է շուրջ 340 մարդ:

Իշխանութիւնները չեն բացառեր, որ զոհերու թիւը աճի, որովհետեւ վիրաւորներէն 4-ին վիճակը ծայրայեղ ծանր է:

Արկածի վայրին մէջ կ՛աշխատին փրկարարները: Սկսած է հետաքննութիւն: Շոգեկառքերու բախման պատճառները տակաւին անյայտ են:

 

Share this Article
CATEGORIES