Եգիպտոսը Թուրքիան Չէ Հրաւիրած Նախագահի Երդման Արարողութեան
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ղեկավարը չէ հրաւիրուած Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի երդման արարողութեան:
Երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 8 յունիսին:
Թուրքիայէն բացի երդման արարողութեան չեն հրաւիրուած նաեւ Իսրայէլի, Քաթարի եւ Սուրիոյ ղեկավարները:
Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախկին նախարար Ապտել ֆաթթահ Սիսին` ստանալով նախագահական ընտրութեան մասնակից քուէարկողներուն ձայներուն 96 առ հարիւրը, յաղթանակ արձանագրած էր: Անոր մրցակից Համտին Սապպահիի օգտին քուէարկած էին քուէարկողներուն 3.09 առ հարիւրը:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը նաեւ նշած էր, որ ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցող եգիպտացիներուն 47 առ հարիւրը` մօտաւորապէս 25 միլիոն մարդ:

