Նազարպայեւ Թուրքիան Հրաւիրած Է Եւրասիական Տնտեսական Միութիւն

Նուրսուլթան Նազարպայեւ
Rosblat.ru կայքը` յղում կատարելով Ղազախստանի նախագահի վարչակազմին, կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի չորրորդ վեհաժողովի աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան ապագային կրնայ դառնալ Եւրասիական տնտեսական միութեան ընկերակցող անդամ:
Նազարպայեւ նաեւ ընդգծած է թրքական խորհուրդի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ որեւէ տարակարծութեան բացակայութիւնը: «Եւրասիական տնտեսական միութիւնը բաց է այլ երկիրներու անդամակցութեան: Օրինակի համար` Թուրքիան եւ այլ երկիրներ կրնան ապագային դառնալ նշեալ միութեան ընկերակցուած անդամ», նշած է Նազարպայեւ:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ միութեան անդամակցելու մտադիր են Հայաստանը եւ Խըրխըզիստանը:
29 մայիսին Ռուսիան, Ղազախստանը եւ Պիելոռուսիան Ասթանայի մէջ ստորագրեցին Եւրասիական տնտեսական Միութեան ստեղծման համաձայնագիրը:

