Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոս յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց յարաբերութիւնները չեն փոխուած, իսկ «եթէ ան կը փափաքի պոյքոթի ենթարկել մեզի հետ յարաբերութիւնը, ապա այդ կ՛ըլլայ իր որոշումը»: «Մենք բոլորին կեցուածքները կը յարգենք եւ կը փափաքինք, որ բոլորը յարգեն մեր տեսակէտները», ըսաւ ան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ իրենք դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ կը քննարկեն աշխատավարձի յաւելումին յատուկ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցելու կարելիութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանը` ներկայութեամբ կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի ներկայացուցիչ Ռամի Ռայէսի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ նախարարութիւնը սկսած է մշակել 2014-ի պետական պիւտճէի նախագիծը եւ ըստ օրէնքի զայն պիտի յղէ Լիբանանի կառավարութեան:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկացի պատասխանատուներուն Լիբանան կատարած այցելութիւններուն նպատակն է հետեւիլ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներու իրավիճակին:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային մեքանիզմին առումով վարչապետ Թամմամ Սալամ վերջնական որոշում մը պիտի տայ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին: Միւս կողմէ, Շապթինի հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի կրնայ նախագահական ընտրութեան թեկնածուներէն մէկուն թեկնածութիւնը վեթոյի ենթարկած ըլլալ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ կարելի է գտնել ընդունելի տարբերակ մը, որուն հիման վրայ կարելի է ներկայ գտնուիլ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Պէյրութ այցելութիւնը լիբանանցիներուն ուղղուած պատգամ մըն է, թէ ամերիկեան վարչակազմը զիրենք չէ մոռցած:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ պլոքը կը մերժէ նախագահական դատարկութեան ժամանակաշրջանը երկարաձգել եւ զայն չարաշահել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Լիբանան չէ այցելած, որպէսզի Հըզպալլայէն խնդրէ իր ուժերը հեռացնել Սուրիայէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ ամերիկեան վարչակազմին հիմնական մտահոգութիւնն է շրջանային լարուածութիւնը լիբանանեան ներքին ճակատ չփոխադրել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը շարունակէ պետական հաստատութիւնները իր գերիշխանութեան տակ առնել` առանց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ցուցաբերած միջամտութան:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի նշեց, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնը, անոր բոլոր թշնամիներուն համար ցնցիչ եղած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր շեշտեց, որ կարելի չէ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել` առանց քաղաքական ներքին համախոհութեան գոյութեան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը զղջացած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու իրենց պահանջին համար:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա նշեց, որ տակաւին վերջնական որոշում մը չէ գոյացած` խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերուն մասնակցութեան առումով:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին մտավախութիւն յայտնած է Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն ուշացումին առնչութեամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա կը շարունակէ Լիբանանի մէջ արգիլել ժողովրդավարական եւ սահմանադրական գործունէութիւնը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիին յանձնած է Պքերքէի մտահոգութիւնները ընդգրկող գրաւոր նամակ մը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ցնցուած են, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի զիրենք չէ ընդգրկած իր հանդիպումներուն օրակարգին վրայ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ համաձայն են, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պէտք է կատարուի քաղաքական բոլոր ուժերուն համախոհութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES