«Լիբանանի Ազգային Ուխտը Ոտնձգութեան Ենթարկուած Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի` իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնաւորներու պատուիրակութեան հետ

Ռայի` իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնաւորներու պատուիրակութեան հետ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լեռնալիբանանի հոգեւոր հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնաւորներ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ այս պատուիրակութիւնը Լիբանանի ճշմարտութեան արտացոլումն է` աւելցնելով, որ ինք կը հաւատայ, թէ Լիբանանի կարեւորութիւնը անոր բազմազանութեան մէջ կ՛իյնայ:

Ան ցաւ յայտնեց լիբանանեան ընկերութեան եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր վիհին համար:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ թէ՛ իսլամին եւ թէ՛ քրիստոնեային երաշխիքը նկատուող Լիբանանի Ազգային ուխտն ու սահմանադրութիւնը ոտնձգութեան ենթարկուած են: «Երկար ժամանակի համար նախագահական դատարկութիւնը սահմանադրութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի», ըսաւ Ռայի պատրիարքը եւ կոչ ուղղեց ամէնէն մօտիկ ապագային հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու:

«Կը մաղթենք, որ երեսփոխանները յարգեն լիբանանեան ընկերութեան կարծիքը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ սահմանադրութեան համաձայն` ժողովուրդն է իշխանութիւններուն հիմքը», հաստատեց ան:

 

Share this Article
CATEGORIES