Հարիրի Եւ Ժոմպլաթ «Կը Մեկնաբանեն» Սուրիոյ Նախագահական Ընտրութիւնը
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտնեց, որ մարդկային պատմութեան մէջ չկայ ընտրութիւն մը, որ այդքան վարկաբեկուած է, ինչքան այն ընտրութիւնը, որուն հիման վրայ Պաշշար Ասատ վերընտրուեցաւ Սուրիոյ նախագահ:
«Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնը սեւ, տկար, արիւնալի, պժգալի եւ վատ ընտրութիւն է, իսկ այդ ընտրութեան արդիւնքներով ուրախացողները եւ Դամասկոս այցելողները` Իրանի նման, քիչ են», ըսաւ Հարիրի:
Ան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութեամբ աշխարհը իր պատմութեան մէջ ապրեցաւ ժողովրդավարութեան վատագոյն փորձառութիւնը, որ չէ արձանագրուած նոյնիսկ ամէնէն խիստ բռնատիրութիւններուն ժամանակաշրջանին:
Հարիրի յայտնեց, որ Պաշշար Ասատի դաշնակիցներն են միայն, որ կ՛ընդունին ընտրութեան կեղծուած արդիւնքները:
«Սուրիացիները կարիքը ունին համաշխարհային իսկական զօրակցութեան, որ Պաշշարի երեւոյթը քաղաքական ներկայութենէն կը պոկէ», ըսաւ ան:
Հարիրի հաստատեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պաշտօնավարութիւնը համազօր է Սուրիոյ պատերազմին եւ ահաբեկչութեան շարունակութեան:
Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հեգնեց Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնը` զայն նկատելով «ազատութեան» եւ «ժողովրդավարութեան» բուրմունք պարունակող ընտրութիւններ:

