«Եռեակ Դրութեան Մասին Ոչ Իսկ Մտածած Ենք, Իսկ Սուրիոյ Նախագահական Ընտրութեան Արդիւնքը Պատերազմի Ձախողութեան Յայտարարութիւնն Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին
Իսլամ քարոզիչ շէյխ Մուսթաֆա Քասիրի նուիրուած յիշատակի երեկոյին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանեան իրավիճակին եւ սուրիական զարգացումներուն:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ պետական ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներու թղթածրարին` հաստատելով, որ անկարելի է ուսուցիչներն ու աշակերտները իրարու դէմ լարել եւ պետութեան կողմէ այդ մասին անտարբերութիւն ցուցաբերել:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ երեսփոխանական պլոքներուն բարոյական, մարդկային եւ ազգային պարտականութիւնն է ուղղուիլ խորհրդարան` փրկելու համար ուսուցիչներն ու պետական պաշտօնեաները եւ լուծելու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը մէկ կամ մէկէ աւելի նիստերու ընթացքին:
Ակնարկելով Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու հարցին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ կառավարութիւնը կրնայ այդ հարցը լուծել` առանց խորհրդարանին կարիքը ունենալու:
Պատասխանելով նախագահական դատարկութեան պատասխանատուութիւնը Հըզպալլայի վերագրելու գծով ամբաստանութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իրենք բազմիցս հերքած են այդ մէկը` աւելցնելով, որ իրենք ոչ իսկ մտածած են եռեակ դրութեան մասին, «իսկ եթէ ոմանք կ՛ուզեն նման վերացական պատճառաբանութիւն մը գտնել` մեզի դէմ պայքարելու համար, ապա անիկա անոնց հարցն է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց այսօր իսկ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու` խորհուրդ տալով չսպասելու իրանեան-սէուտական բանակցութիւններուն:
Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութեան մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանան կայունութիւնը պահպանելու առումով շրջանային եւ միջազգային համախոհութիւն կայ:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ջանք թափելու, որպէսզի երկրին մէջ որդեգրուած ապահովական ծրագիրները յաջողին` աւելցնելով, որ ապահովական կայունութիւնը քաղաքական հիմնական լուծումներու կարիք չունի, այլ` զայն պահպանելու կամք եւ քաղաքական հանդարտ ու բանական յայտարարութիւններ եւ կեցուածքներ:
Ակնարկելով Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ քուէարկութեան մասնակցած սուրիացի ժողովուրդին մեծ համեմատութիւնը Սուրիոյ եւ անոր ղեկավարութեան համար նուաճում է: Ան շնորհաւորեց նախագահ Պաշշար Ասատը` անոր վերընտրութեան առիթով եւ ընդգծեց, որ Սուրիոյ ընտրութեան արդիւնքը պատերազմի ձախողութեան յայտարարութիւնն է:
Սէյիտ Նասրալլա եզրափակեց. «Սուրիոյ քաղաքական լուծումը Ասատով կը սկսի եւ Ասատով կը վերջանայ: Իսկ լիբանանցիները պէտք չէ մտահոգուին Ասատի արձանագրած յաղթանակով, այլ պէտք է մտահոգուին, երբ Սուրիա բաժնուի ու մասնատուի»:

