Ժըպրան Պասիլ Աւարտեց Չինաստան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը

Պասիլ եւ Եուան Եի

Պասիլ եւ Եուան Եի

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եզրափակեց Չինաստան կատարած իր այցելութիւնը` ստանալով խոստում մը, թէ Չինաստան նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Լիբանանի կառավարութեան` սուրիացի գաղթականներու հարցին լուծման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան առումով:

Չինաստանի մէջ Ժըպրան Պասիլի ունեցած հանդիպումներուն առանցքը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները չեղան, այլ` սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքն ու անհրաժեշտութիւնը:

Պասիլ շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուելիք նիւթական օժանդակութիւնները պէտք է Լիբանանի կառավարութեան յատկացուին եւ ոչ թէ գաղթականներուն, որոնք այդ օժանդակութիւնը տեսնելով աւելի եւս կը քաջալերուին Լիբանանի մէջ մնալու:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ չինացի իր պաշտօնակիցին` Եուանի Եիի հետ եւ ողջունեց Չինաստանի կողմէ Լիբանանի ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութիւնը:

Պասիլ յայտնեց նաեւ, որ ինք Չինաստանէն պահանջած է Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան նոր կեդրոն մը կառուցել:

Միւս կողմէ, դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Պասիլ մերժեց հանդիպիլ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի` անոր կողմէ արարողակարգը չյարգելուն պատճառով:

Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ Քերրի փափաքած էր Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ հանդիպում ունենալ Պասիլի հետ` իր կարճատեւ այցելութեան պատճառով:

 

Share this Article
CATEGORIES