Սուրիոյ Եւ Ֆրանսայի Դեսպանները Տեսակցեցան Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Դեսպան Ալի եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան արդիւնքները:
Հանդիպումէն ետք Ալի անդրադարձաւ Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութեան, ինչ որ կը փաստէ, թէ Սուրիոյ ժողովուրդը շրջանցեց ահաբեկչութեան, պայթումներուն, արտաքին մրցակցութիւններուն եւ ճշմարտութիւնը նենգափոխող արտաքին բոլոր ճնշումները:
Ալի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ այլ երկիրներու սուրիական դեսպանատուներուն մէջ պատահածը շշմեցուց ամերիկացիները, ֆրանսացիներն ու եւրոպացիները եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց գրաւը դրին Սուրիան տկարացնելու եւ զայն տապալելու վրայ:
«Սուրիացիներուն կողմէ վարչակարգին եւ հանրապետութեան նախագահին տրուած օրինականութիւնը պիտի ստիպէ, որ ահաբեկչութիւնը քաջալերող կողմերն ու քաղաքական ուժերը իրենց հովանաւորութենէն հրաժարին եւ փոփոխութեան ենթարկեն իրենց նախկին կեցուածքները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեն Սուրիոյ` ահաբեկչութեան դէմ անոր տարած յաղթանակին առիթով:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փաուլի յայտնեց, որ Պըրրիի փոխանցած է ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ բոլորին ծանօթ պատգամ մը, որուն համաձայն, Փարիզ կը զօրակցի լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն, հետեւաբար անհրաժեշտ է քաջալերել եւ աշխուժացնել այդ հաստատութիւններուն աշխատանքը:
«Մենք կը փափաքինք, որ Լիբանանի խորհրդարանը ամէնէն մօտիկ ապագային ընտրէ հանրապետութեան նախագահ մը, եւ այդ իմաստով Պըրրիէն խնդրեցինք ճիգ չխնայել կատարելու համար նախագահական ընտրութիւնը, որ Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն է», ըսաւ Փաուլի:
Պըրրիի այցելեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ, որ ընդգծեց երեքշաբթի, 10 յունիս 2014-ին, խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը` վաւերացնելու համար պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելման թղթածրարը:
Ան շեշտեց, որ կառավարութեան, խորհրդարանին եւ քաղաքական ուժերուն պատասխանատուութիւնը կը պահանջէ բանավէճերը մէկդի դնել: «Անկարելի է ուսումնական տարեշրջանը աւարտել առանց քննութիւններու, որոնք ուսանողներուն համալսարաններու մէջ իրենց բարձրագոյն ուսումը ստանալու առիթը կ՛ընձեռեն», յայտնեց ան:
Միւս կողմէ, Պըրրի իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կարեւոր եւ անկարեւոր հարցեր չկան` աւելցնելով, որ պահանջուածը երկրին սահմանադրութեան գործադրութիւնն է:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքները պոյքոթի չենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:

