Հայաստանը ՄԱԿ-ի Մէջ Դէմ Քուէարկած Է Վրաստանի Բանաձեւին
5 յունիսին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 68-րդ նստաշրջանին ընթացքին 69 թեր, 13 դէմ եւ 79 ձեռնպահ ձայնով որդեգրուած է Վրաստանի նախաձեռնած «Աբխազիայէն(Վրաստան) եւ Ցխինվալիի շրջանէն/Հարաւային Օսեթիա(Վրաստան) ներքին տեղահանուած անձերու եւ գաղթականներու կարգավիճակի մասին» բանաձեւը: Հայաստանը, ինչպէս անցեալ տարի, այս անգամ եւս դէմ քուէարկած է նշեալ բանաձեւին: Դէմ քուէարկողներու շարքին են նաեւ Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Քուպան, Լաոսը, Միանմարը, Նուսրուն, Նիքարակուան, Հիւսիսային Քորէան, Սրիլանքան, Սուրիան, Սուտանը եւ Վիեթնամը:
Բանաձեւը կը քննադատէ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ ժողովրդագրական բռնի փոփոխութիւնները եւ Ռուսիոյ կողմէ այդ տարածքներուն անկախ ճանչցուիլը:
Բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի գաղթականներու` իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը` անկախ անոնց ազգային պատկանելիութենէն եւ անոնց կալուածներու իրաւունքը յարգելով:
Փաստաթուղթը կոչ կ՛ուղղէ Ժընեւեան բանակցութիւններուն մասնակիցներուն աշխուժացնելու ջանքերը կայուն խաղաղութեան կառուցման, անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու այդ տարածքներուն մէջ մարդկային իրաւունքները յարգելու, անվտանգութեան պատշաճ պայմանները յարգելու ուղղութեամբ եւ այլն: Ինչպէս անցեալ տարի, այս անգամ եւս բանաձեւը կը բովանդակէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ուղղուած կոչ` մշակելու ներքին տեղահանուածներու եւ գաղթականներու վերադարձի ժամանակացոյց մը:
Պարտադիր բնոյթ չունեցող այս բանաձեւը առաջին անգամ քուէարկութեան դրուած է 2008-ին: Օրին անիկա կը վերաբերէր միայն Աբխազիոյ: 5 յունիսին, բանաձեւը որդեգրուած է արդէն եօթներորդ անգամ ըլլալով:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բանաձեւին թեր քուէարկած երկիրներուն շնորհակալութիւն յայտնած է:
«Ուրախ ենք, որ բանաձեւին կողմ քուէարկած երկիրներու թիւը անցեալ տարուան համեմատ աւելցած է: Ատիկա կը նշանակէ, որ միջազգային հանրութիւնը աւելի յստակ կերպով կը գիտակցի բռնագրաւուած տարածքներէն ներքին տեղահանուածներու հիմնական իրաւունքներու կարեւորութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան «Սիվիլնեթ»-ի հետ զրոյցի մը մէջ մեկնաբանելով Հայաստանի քուէարկութիւնը նշեց, որ ասիկա առաջին տարին չէ, երբ Հայաստան համանման բանաձեւին դէմ կը քուէարկէ:

