«ՄԵԾԱՐԱՆՔ ՏԱՌԱՊՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ» ԱՐՁԱՆԸ ՄԹԷՅՆԻ ՄԷՋ
Հաւանաբար լիբանանահայը ուրիշ ոեւէ անձէ աւելի կրնայ հասկնալ ժողովուրդի մը տառապանքը, որովհետեւ թէ՛ իբրեւ հայ եւ թէ՛ իբրեւ լիբանանցի ան իր մորթին վրայ, էութեան մէջ, ներաշխարհով զգացած է այդ տառապանքը իր տարբեր դրսեւորումներով:
Արդարեւ, ի զուր չէ, որ լիբանանահայ նշանաւոր արուեստագէտ, հայութեան եւ լիբանանցիներուն կեանքին մէջ իր արուեստով դրոշմ ձգած եւ տարբեր խորհուրդներ իր մատներուն տակ ձեւաւորած Զաւէն Խտըշեան ստեղծագործէ արձան մը` «Մեծարանք տառապող ժողովուրդներու» խորագիրը կրող:
1970 թուականին ծնած արձանը, սակայն 2 յուլիս 2011-ին գտաւ իր արժանի տեղը, երբ ան տեղադրուեցաւ Մթէյն գիւղի մուտքին` աչքառու վայրի մը մէջ, ուր ուղիները կը բաժնուին:
Արուեստագէտին ծանօթներէն Նայիմ Պարուտ, արուեստասէր անձ մը, Զաւէն Խտըշեանին առաջարկած է արձանը արուեստանոցէն փոխադրել բացօթեայ վայր մը: Արուեստագէտին համաձայնութիւնը ունենալէ ետք, Ն. Պարուտ այս առիթով հանգանակութիւն կազմակերպած է, եւ իր ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելէ ետք, 2 յուլիսին տեղի ունեցած է արձանին պաշտօնական բացումը` քաղաքական, քաղաքապետական եւ արուեստասէրներու մասնակցութեամբ: «Մեծարանք տառապող ժողովուրդներու» արձանը իր գեղեցկութեամբ եւ խորհուրդով, սլացքով եւ դէպի բարձրին ուղղուելու կեցուածքով գրաւած է բոլորը` արժանանալով անոնց հիացմունքին ու գնահատանքին:
«Երբ աշխատանք մը դուրս կ՛ելլէ աշխատանոցէն, բացօթեայ վայրի մը մէջ կը տեղադրուի եւ հանրութեան սեփականութիւնը կը դառնայ, իսկական ուրախութիւն, հաճոյք եւ գոհունակութիւն կ՛ապրիմ», ըսաւ Զ. Խտըշեան այս առիթով «Ազդակ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Ան հաստատեց, որ այսպիսով արձանը իրեն յարմար տեղը գրաւած է, որովհետեւ տեղադրուած է բարձունքի մը վրայ, ուր առաւել եւս սլացք ու խորհուրդ ստացած է:
Անգամ մը եւս Զաւէն Խտըշեան բոլոր ժողովուրդներուն տառապանքը մարմնաւորող իր քանդակով կու գայ լիբանանեան շրջանի մը խորհուրդ եւ գեղեցկութիւն փոխանցելու:

